ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԵՀԵՄԻ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Նախապէս հանրութիւնը տեղեակ պահած էինք, թէ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) այս տարուան հաւաքին կը մասնակցէր նաեւ Ստանպուլահայ խումբ մը։ Հաւաքը, որ 4-8 Յուլիս 2018 թուականներուն միջեւ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցած էր, երէկ իր աւարտին հասաւ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագով։

HEHEM 6

Պատարագիչն էր Հիւսիսային Ա.Մ.Ն. Հայոց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ ու ՀԵՀԵՄի պատասխանատու՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան։ Առընթերակայ էին Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան։ Հանդիսութեանց նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ փակման առթիւ օրհնեց մասնակից երիտասարդները։

HEHEM 5

Ուրախացուցիչ էր նաեւ Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը, որ խանդավառութիւն յառաջացուց երիտասարդներուն մէջ։