ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

Kategori: Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան 22 Ապրիլ 2020, Չորեքշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր Միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ։

 

Բանախօսութեան մասնակիցներն էին, կարգաւ՝ Ստանպուլի փոխ Միւֆթի Ճանէր Աքտէմիր եւ Շէֆիք Ճան, Սիջազգային Մէվլանա Կրթութեան ու Մշակոյթի Հիմնարկի Ատենապետ Հայաթ Նուր Արթըրան, Ալէւի Մտածման Օճախի Ատենապետ Տօղան Պէրմէք, Թուրքիոյ Ասորի Կաթողիկէ Քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլը, Մէվլանայի 22րդ պորտէն թոռն ու Միջազգային Մէվլանա Հիմնարկի փոխ Ատենապետ Էսին Չէլէպի Պայրու, Թուրքիոյ Քաղդէացւոց Արքեպիսկոպոս Ռէմզի Կարմու, Իմաստասէր ու Թուրքիոյ Վատիկանի նախկին Դեսպան Փրօֆ. Տօքթ. Քէնան Կիւրսօյ, յանուն Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւորի Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Էմմանուէլ Պայպլ Հաուզ Բողոքական Եկեղեցւոյ Հովիւ Տօքթ. Պէհնան Քօնութկան, յանուն Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Յունաց Պատրիարքի Բրշ. Եաքովոս Սարկաւագ Քրօչաք, Գերման Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ Կապրիէլ Փաչէ,  Ստանպուլի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ռուբէն Եպիսկոպոս Թիէրապլանքա եւ յանուն Թուրքիոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ.։ Իւրաքանչիւր բանախօս արտայայտուեցաւ Քորոնա Ժահրի համաճարակի ու ազդեցութեան մասին եւ փոխանցեց իր պատգամը։ Թորքիոյ Հրէից Խախամապետ Ռաւ. Իսհակ Հալէվայի, իր բացակայութեան պատճառաւ, ընթերցեց բանախօսութեան ղեկավար Հայր Քլօտիօ Մօնկէ։

 

Արժ. Տրդատ Աւ. Քահանան հեռակայ բանախօսութեան ընթացքին ըսաւ, թէ պէտք ունինք այս ժխտական ժամանակներուն մէջ իսկ գտնել դրական երեւոյթներ։ Տէր Հայրը յիշեցուց նաեւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի «Տալ աւելի մեծ երջանկութիւն է քան առնել» խօսքը ու շնորհակալութիւն յայտնեց այս ժամանակաշրջանին մէջ ծառայող պետական աւագանիին, համայն առողջապահական աշխատակազմին եւ բոլոր աշխատաւորներուն։

COVID KONFERANS DRTAD

Սոյն բանախօսութեան տեսաերիզը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։