ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

20864301_10213800320580953_1626587218_nՌումանիոյ Սուչավա քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներու միջեւ, տեղի ունեցաւ երիտասարդաց համագումար։ Ռումանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանի հիւրընկալութեամբ Եւրոպայէ, Մերձաւոր Արեւելքէն եւ Ափրիկէի Հայոց Թեմերէն, աւելի քան 30 երկիրներէ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ ու շուրջ 100 երիտասարդներ ժամանեցին Հրաշագործ Ս. Հաճկատար Վանքը։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի տնօրինութեամբ, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ, սոյն համագումարի մասնակցեցան Աթոռոյ ժառանգաւոր սան Բրկ. Սարվէն Կսրկ. Պչաքճեան եւ Օննօճան Հիւլեար։

Հանդիպումներու առաջին օրը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքի ընթերցմամբ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀԵՀԵՄ (Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միութիւն)ի պատասխանատու ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց համագումարի բոլոր կազմակերպիչներուն եւ ողջունեց Հայ Երիտասարդները։ Ապս, որպէս հիւրընկալ, բարի գալստեան խօսք արտասանեց Տաթեւ Եպիսկոսպոս եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով Հայ Երիտասարդները ուխտակատար Ս. Հաճկատար Վանքի հովանիին ներքեւ։ Յայտնեց թէ սոյն համագումարը կ՚իրականանար Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Յովնան Արքեպս.ի նախագահութեամբ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ռումանիոյ Պետութեամբ եւ Ռումանիոյ Թեմի Ծխական Խորհուրդներու բարերարութեամբ։ Զրոյցներու ընթացքին Սարվէն Կիսասարկաւագ, յանուն Պոլսոյ Աթոռոյ, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։

Համագումարի մասնակից բոլոր երիտասարդները տարբեր հոգեւորականներէ ունկնդրեցին նիւթերով հարուստ դասախօսութիւններ, որոնց շնորհիւ Աստուածաշունչ, Սաղմոս, Եկեղեցի, Ս. Պատարագ, պաշտամունք, եւ այլ նիւթերու մասին շինիչ տեղեկութիւններ քաղեցին։ Կատարուած ժամերգութեանց ու քարոզխօսութեանց մասնակից եղան նաեւ Ռումանահայերը։ Համագումարը անցաւ վանքերու այցելութեամբ, երգերով ու պարերով, խնճոյքներով ու խաղերով լեցուն ծրագիրներով։
12 Օգոստոսին, Ս. Շողակաթի Տօնի երեկոյեան, Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհէքի արարողութիւն։ Իսկ, Համագումարի ոգեւորութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի առիթով 13 Օգոստոս 2017, Կիրակի, Ս.Հաճկատար Վանքի մէջ կատարուած տօնական արարողութիւններով։ Հնգադարեան Վանքը մասնաւոր կարեւորութիւն ունի Հայ Եկեղեցւոյ անցեալին եւ ներկայի հոգեւոր կեանքի ծիրէն ներս։ Տօնական հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց նաեւ Տիրացու Սարվէն Կիսասարկաւագը։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը քարոզեց Դամասկոսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան։ Արարողութեան աւարտին վանքի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութին։

Համագումարի վերջին օրը, Զամկայի Հայոց Վանքի մէջ Մեռելոցի առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան եւ հանգստեան աղօթքով յիշուեցան մասնակից երիտասարդներու ի Տէր ննջած հարազատները։

Պոլսոյ Աթոռոյ ներկայացուցիչները քաղաքս ժամանեցին 15 Օգոստոս 2017, Երեքշաբթի։

  • 20864457_10213800320060940_442818976_n
  • 20885084_10213800334381298_668760177_n
  • 20864257_10213800320380948_630212527_n