ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԵՐԵՔ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

hokevoraganlar

22 եւ 23 Յունուար թուականները հոգեւոր խանդավառութեան առիթներ եղան Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողոովուրդին համար։ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր երեք սաները՝ Տրց. Միքայէլ Սրկ. Տօնիկեան, Տրց. Այգ Սրկ. Միւրզեան եւ Տրց. Խաչիկ Սրկ. Օհանեան՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուեցան եւ վերանուանուեցան այսպէս՝ Միքայէլ Սարկաւագը՝ Հայր Շնորհք Աբեղայ, Այգ Սարկաւագը՝ Տէր Շիրվան Քահանայ եւ Խաչիկ Սարկաւագը՝ Տէր Շահէն Քահանայ։

ԿՈՉՈՒՄ
Երեք տիրացու սարկաւագներու քահանայութեան կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 Յունուար 2014 Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ մասնակցութեամբ Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն։ Ժամերգութեան աւարտին սկսաւ կոչման արարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։

gocum 3

gocum 2Ընծայացուներ եկեղեցւոյ աւագ դռնէն դաս առաջնորդուեցան ծնկաչոք եւ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան, վկայութիւն տրուեցաւ անոնց արժանաւորութեան, վարքին եւ կենցաղին մասին։ Անոնք, յանձն առին քահանայութեան լուծը, աշակերտիլ եւ հետեւիլ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներուն եւ վարդապետներուն ու նզովեցին բոլոր հերձուածողները։ Ապա կարդացին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

Կոչման արարողութեան աւարտին Սահակ Եպիսկոպոս, պատշաճ բացատրութիւններ տուաւ քահանայութեան կոչման արարողութեան մասին եւ ըսաւ. «Այս երեք թեկնածուները պատասխանն է մեր աղօթքներուն։ Անցեալ տարի հոգեւորականներու վախճանումէն յետոյ շատ յուզուեցանք, սակայն աւելի շատ աղօթեցինք որ Տէրը նոր մշակներ հանէ։ Երեք թեկնածուները այսօր կոչեցինք քահանայութեան եւ Աստուծոյ կամքով վաղը առաւօտ, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս.ի ձեռամբ քահանայական կարգ պիտի ստանան»։ Նորին Սրբազնութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթքով մասնակցելու տիրացուներու յաջորդ օրուան ձեռնադրութեան համար։

gochum 3gocum 6
Արարողութեանց աւարտին Շիրինօղլու Սրահին մէջ թէյասեղան մը սարքուեցաւ, որուն ընթացքին հոգեւոր հայրեր եւ արարողութեանց մասնակից ժողովուրդը շնորհաւեցին ընծայացուները եւ կարողութիւն մաղթեցին իրենց։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՁԵՌՆԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտմանց Եկեղեցւոյ նստարանները առաւօտեան ժամերէն սկսեալ լեցուն էին հաւատացեալ ժողովուրդով, որոնք եկած էին մասնակցելու երեք ժառանգաւորներու քահանայական ձեռնադրութեան Ս. Խորհուրդին՝ իրենց աղօթքներով։ Առաւօտեան ժամերգութիւնները կատարեցին քահանայ հայրեր։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ, քահանաներ եւ սարկաւագներ։

Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ քահանայ հայրերու եւ դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպ. Կալիպեանի։

Նախ քան ճաշու գիրքերու ընթերցումը երեք տիրացուները սաղմոսներով ու ծնկաչոք բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակ  Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ Տրդատ Քհնյ. անգամ մը եւս ներկայացուցին ենթակաները վկայելով անոնց վարքին եւ գիտութեան։

Կանոնական աղօթքներու ընթերցումէն ետք երեք տիրացուները իրենց երեսը ժողովուրդին դարձան եւ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէ։ Ապա ձեռնադրիչ սրբազան հայրը մի առ մի տիրացուներու գլուխներուն վրայ ձեռք դրաւ եւ յետոյ տիրացուներու ուրարները դարձուց իրենց վզերէն եւ վերածեց փորուրարի։

tsernatrutyun 6

Սուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ երեք սարկաւագներուն տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։

tsernatruyun 15Ապա տիրացուները զանգակներու ղօղանջներով եւ «Խորհուրդ Խորին» շարականով զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղանին առջեւ։

Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս., Ս. Միւռոնով օծեց նորապսակ քահանաներուն ճակատներն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը եւ զանոնք աւագութեան կարգով վերակոչեց ըստ հետեւեալի. Տրց. Միքայէլ Սրկ. Տօնիկեանը՝ Տէր Շնորհք Աբեղայ, Տրց. Այգ Սրկ. Միւրզեանը՝ Տէր Շիրվան Քահանայ եւ Տրց. Խաչիկ Սրկ. Օհեանեանը՝ Տէր Շահէն Քահանայ։

Նորապսակ հոգեւորականները կարգաւ իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը տուին ժողովուրդին։ Յետ օծման Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց եւ անդրադարձաւ զոհաբերութեան գաղափարին։ Աբրահամ Նահապետ, իբրեւ հաւատքի եւ զոհողութեան նշան, յանձն առած էր իր որդին Իսահակը զոհել ընդառաջելով Աստուծոյ հրամանին։ Յիշեցուց որ, Սափեկայ ծառէն կախուած խոյը զոհուած էր փոխանակ Իսահակի։ Նոր Ուխտի մէջ, գերագոյն զոհողութեան նշանն է Աստուծոյ Միածին Որդւոյն առաքումը աշխարհ ի փրկութիւն մեղաւոր մարդկութեան։ Քրիստոս, զոհուեցաւ Խաչի վրայ եւ այս Խաչի Պատարագին փրկարար զօրութիւնը կը շարունակուի ցայսօր եւ պիտի շարունակուի յաւիտեան, մատուցուած Ս. Պատարագներով։ Եկեղեցւոյ սպասաւորներ յանձն կ՚առնեն զոհողութեամբ ծառայել Աստուծոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, իրենց աչքերը յառելով յաւիտենական Քահանայապետին՝ Յիսուս Քրիստոսի, ակնկալելով Իր պաշտպանութիւնը ու զօրութիւնը։ Այսօր ձեռնադրուեցան երեք նուիրեալներ, որոնք իրենց պարանոցը խոնարհեցուցին առաջի Աստուծոյ եւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերու հոգեւոր աւանդին։ Մաղթեց որ անոնք ըլլան, մշակ առանց ամօթոյ։

tsernaturyun 24

Ողջոյնի պահուն, բոլոր հոգեւորականները եկան համբուրելու նորապսակ հոգեւորականներու ճակատներն ու աջերը։

ՎԵՂԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ վեղարի տուուչութիւն։ Նորապսակ Հոգշ. Հայր Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Արամ Սրբազան Հօր ձեռամբ վեղար ստացաւ անդամակցելով Պատրիարաքական Աթոռոյ միաբանութեան շարքերուն։

veghar

Արարողութեանց աւարտին հաւատացեալներ մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստացալու համար իրենց օրհնութիւնը։

6ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Եկեղեցւոյ Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, նախագահութեամբ Արամ Արքեպս.ի։

Յանուն քահանայից դասու արտայայտուեցաւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ հոգեւորականաց դասու նոր անդանմներուն բարի գալուստ մաղթեց։ Յանուն միաբան հայրերու արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ շնորհաւորեց նորաօծ հոգեւորականները։ Յանուն նորաօծ հոգեւորականներու իր սրտի խօսքը արտասանեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ փառք տուաւ Աստուծոյ որ արժանացած էին քահանայական սուրբ կարգին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հոգեւոր ծնողին, հոգեւորական դասու անդամներուն, բոլոր անոնց որոնք բաժին ունեցաւ իրենց պատրաստութեան մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք արարողութեանց մասնակցելով առաջի Աստուծոյ վկայութիւն բերած էին իրենց համար։ Մանաւանդ, ներկաներէն աղօթք խնդրեց որպէսզի յետ ապաշխարութեան շրջանին, լծուին Ս. Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ իրենց ծառայութիւնը ըլլայ արդիւնաւետ։ Հայր Սուրբի սրտի խօսքը մեծ ծափահարութիւն խլեց ներկաներէն։ Հուսկ բանքը արտասանեց Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ յանձնեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի յուշանուէրները։ Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքէն ետք աւարտին հասաւ Սիրոյ Սեղանը։

yemekte

Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի ձեռնադրութեան կնքահայրն էր՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի՝ Մանուկ Էօղէր, իսկ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի՝ Բրկ. Գամէր Ուր. Դպ. Գարաթայլը։ Նորընծաները, նախ քան պաշտօն ձեռնարկելու, Պատրիարքարանի մէջ պիտի բոլորեն իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը։ ginkaharlarla

 ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ԱԲՂ. ՏՕՆԻԿԵԱՆ

Hayr sihnorkԱւազանի անունով Միքայէլ, ծնած է 1976ին Ստանպուլ։ Նախակրթարանի ուսումը ստանալէ յետոյ, Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի առաջարկով կ՚առաջնորդուի Ս. Խաչ Դպրեվանք։

Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ 1990ին կը ստանայ դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ՝ ուրար կրելու արտօնութիւն։ Երկար տարիներ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ, նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցեաց մէջ պաշտօն կը ստանձնէ որպէս լուսարար։

2004-2006 տարիներուն Պէզճեան Սանուց Միութեան  երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետութեան, իսկ 2006-2010 տերիներուն Սանուց Միութեան ատենապետութեան պաշտօնները կը վարէ։

2011ին Տիրոջ կանչին հետաւելով կը դիմէ Պատրիարքական Աթոռ, որպէսզի ընդունուի կուսակրօն քահանայութեան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանոր Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ 2012ին կիսասարկաւագ կը ձեռնադրուի եւ կը մեկնի Երուսաղէմ ու կը մասնակցի Ժառանգաւորաց Վարժարանի դասընթացքներուն։ Աւարտելով իր ուսումը կը վերադարնայ Ստանպուլ եւ 9 Յունուար 2014ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր։

ԱՐԺ. Տ. ՇԻՐՎԱՆ ՔՀՆՅ . ՄԻՒՐԶԵԱՆ

der sirvanԱւազանի անունով Այգ, ծնած է 1974ին Ստանպուլ։ Նախակրթական ուսումը կը ստանայ Բանկալթիի Անարատ Յղութիւն Վարժարանի եւ Էվրիմ Լիսէի մէջ։ Երկրորդական եւ Լիկէոնի ուսուսը կը ստանայ Տօսթ Գոլէճի մէջ։ Ուսման կը շարունակէ Ստանպուլի Համալսարանի Զբօսաշրջական Մասնագիտական Ճիւղին մէջ։

1997ին Պատրիարաքական Աթոռ կը դիմէ, ընդունուելու համար որպէս ժառանգաւոր սան։ Մինջեւ 1998ի տարեվերջ կը մասնակցի ժառանգաւորաց լսարանի դասերուն եւ երկու ամիս կը մնայ Ս. Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքին մէջ որպէս այցելու աշակերտ։ Ապա պարագաներու բերմամբ մուտք կը գործէ կեանքի ասպարէզ։ 2011ին դարձեալ կը դիմէ որպէսզի ընդունուի քահանայական թեկնածու։ Լուսարարութեան պաշտօն կը ստանձնէ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցիներու, ապա, երաժիշտի պաշտօն՝ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ։

1996ին Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեանի ձեռամբ դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ 2005ին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ուրար կրելու արտօնութիւն կը ստանայ։ 2009ին կ՚ամուսնանայ Նարօտ Մինասեանի հետ։ 2011ին Տիրոջ կանչին հետեւելով կը դիմէ Պատրիարքական Աթոռ, որպէսզի ընդունուի իբրեւ Ժառանգաւոր սան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ 2012ին կիսասարկաւագ կը ձեռնադրուի ու կը մեկնի Լիբանան եւ վեց ամիս կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քահանայից Պատրաստութեան բաժանմունքի դասընթացքներուն։

9 Յունուար 2014ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր։

ԱՐԺ Տ. ՇԱՀԷՆ ՔՀՆՅ. ՕՀԱՆԵԱՆ

der sahenԱւազանի անունով Խաչիկ, ծնած է 1974ին Ստանպուլ։ Նախակրթական ուսումը կը ստանայ Պէզճեան Մայր Վարժարանի մէջ։ Լիկէոնի ուսուսը կը ստանայ Շիշլի Էնտիւսթրի Մէսլէք Լիսէին մէջ։ Ապա, կը հետեւի ոսկերչութեան ասպարէզին։

1999ին կ՚ամուսնանայ Սանտրա Թիւթէրի հետ։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Պարգեւ եւ Մանուկ Ներսէս։ Տղայ տիոց կը ծառայէ Պագըրգիւղի Ս. Աստուածածին եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցիներու մէջ։ 2011ին Տիրոջ կանչին հետեւելով կը դիմէ Պատրիարքական Աթոռ, որպէսզի ընդունուի իբրեւ Ժառանգաւոր սան։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ 2002ին կը ստանայ դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ 2007ին ուրար կրելու արտօնութիւն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանոր Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ 2012ին կիսասարկաւագ կը ձեռնադրուի ու կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Քահանայից Պատրաստութեան բաժանմունքի դասընթացքներուն։ Աւարտելով իր ուսումը կը վերադառնայ Ստանպուլ եւ 9 Յունուար 2014ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր։


  • tsernatrutyun (15)
  • Asdvadzayin
  • Tsernatrutyun saghavard
  • odzum hayr sihnork
  • tsernatrutyun (37)
  • tsernatrutyun (36)
  • tsernatrutyun (38)
  • tsernatrutyun (39)
  • joghovurt
  • badarak