ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ 2020-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ

Kategori: Համայնքային,Փաստաթուղթեր

159584447_1796903063802902_1883360329197075764_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմուած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը կը շարունակէ ծաւալել օգտաշատ գործունէութիւն։ Յանձնախումբի վարիչները Մարտ 2020-էն սկսեալ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ բարերարներու ներդրումով համավարակի շրջանին իրականացուցած օժանդակութեան գործունէութեան առաջին տարւոյն մանրամասնեալ տեղեկագիրը ներկայացուցին Նորին Ամենապատուութեան։

Ըստ ներկայացուած տեղեկագրին արտասահմանէ գաղթած, անգործութեան մատնուած, ընկերային ապահովութենէ զուրկ եւ հետեւաբար դժուար կացութեան մէջ գտնուող շուրջ 2000 ընտանիքի առօրեայ կարիքներու դիմագրաւման համար որպէս օժանդակութիւն յանձնուած է 6.483 պարէնի տուփեր։ Բացի այս յատկացումներէն եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցած 276 ընտանիքի ընդհանուր ցանկին ընդլայնումովը, 420 ընտանիքի օժանդակութիւն յատկացուած է տարւոյն ընթացքին 6 անգամ ըլլալու պայմանաւ։ Բաց աստի հեռակայ դրութեամբ կրթական գործունէութեան ենթակայ մեր զաւակներէն կարիքաւոր աշակերտներուն կարիքները դիմագրաւելու նպատակաւ յանձնուած են 243 համակարգիչներ։

Յանձնախումբի վարիչները նաեւ տեղեկութիւն փոխանցեցին 2021ի համար իրենց առաջադրած ծրագիրներու մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւոր եւ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ գործող յանձնախումբի անդամներուն, իրենց սատար հանդիսացող բարերարներուն եւ հայրական աղօթքներով օրհնեց բոլորը։

 

  • 159584447_1796903063802902_1883360329197075764_o
  • 160002305_1796903567136185_8526765310688551311_o
  • 160004788_1796903560469519_2055310016195991596_o