ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆՑ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

asoghikԹուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 90-ամեակին առթիւ աւանդական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ Պատրիարքական Աթոռը։

Ճէմալ Ռէշիտ Րէյ հանդիսասրահին մէջ 28 Հոկտեմբեր, Երկուշաբթի գիշեր տեղի ունեցաւ Մայր Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ,Համակեցութեան Դրսեւորման Համերգեը, մասնակցութեամբ քաղաքիս զանազան համայնքերու երգիչ խումբերու։ Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին, դպրաց խումբ մը, առաջնորդութեամբ՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ երաժշտապետ՝ Նշան Չալկճեանի։ Այս հանդէսին յանուն Պատրիարքական Աթոռի ներկայ գտնուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Իսկ 29 Հոկտեմբեր Երեքշաբթի առաւօտ, ժամը 9.30-ին Կուսակալութեան պաշտօնարանին մէջ սարքուած շնորհաւորական ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի ներկայ գտնուեցաւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ.  Տամատեանի։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Եշիլգիւղի Վով Հիւրանոցի Սրահին մէջ Իսթանպուլի Կուսակալ Հիւսէյին Ավնի  Մութլուի սարքած ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռի կը մասնակցի Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ Տիկինը։

nishan hoca