ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ “ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ – 100” ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. “ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԿԻՐԱԿԻՆԵՐ ԵՒ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ”

Kategori: Կրօնական,Փաստաթուղթեր
13962761_614858585340695_3560110834235071707_nՊատրիարքական Աթոռոյս կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. “Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ”։
 
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Ս. Զատկին յաջորդող Յարութեան շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, նախապէս լոյս տեսած է քաղաքիս մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք եւ 1972ին՝ որպէս անջատ հատոր։
Հատորը կը բացուի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով, ուր հատորի խմբագիրը հակիրճ կերպով կը խօսի Երանաշնորհ Հեղինակին եւ հատորին ու սոյն վերհրատարակութեան մասին։ Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը։ Ի դիւրութիւն ընթերցողներու, սոյն հրատարակութեան մէջ տեղադրուած են իւրաքանչիւր օրուան սուրբգրական հատուածները՝ ամբողջութեամբ։
Նախապէս լոյս տեսած այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 152 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը հակիրճ բացատրականէ մը ետք, կ՚անդրադառնայ Ս. Զատկին յաջորդող Յինանց շրջանին ընդհանրապէս եւ այդ շրջանի վեց կիրակիներու իմաստին ու Համբարձման տօնին մասնաւորապէս, աւելցնելով օրուան շարականներէն մէկը, հանդերձ աշխարհաբար թարգմանութեամբ։
 
Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը հատորին գրեթէ մէկ երրորդ մասը կը յատկացնէ Հոգեգալուստի դէպքին ու անոր իմաստին։ Տասն եւ եօթ գլխարկումներու ներքեւ կը վերլուծէ Ս. Հոգւոյ գալուստը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։
 
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ երէցկին Սիլվա Տամատեան, իրենց որդւոյն՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայի ձեռնադրութեան առթիւ։
 
Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։