ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ “ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ – 100” ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. “ԳԻՐՔ ՍԱՂՄՈՍԱՑ ԵՒ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՍԱՂՄՈՍԸ”

Kategori: Կարճ լուրեր

13055536_569869286506292_8066549433633289879_nԵրանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25ամեակի նշման սոյն օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած Շնորհք Պատրիարք – 100 մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. “Գիրք Սաղմոսաց եւ ապաշխարութեան մեծ սաղմոսը”։

Այս հատորը Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը եւս պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Մեծ Պահքի շրջանին եւ ընդհանրապէս ապաշխարութեան շրջաններու հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, նախապէս լոյս տեսած է քաղաքիս մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք եւ 1983ին՝ որպէս անջատ հատոր։
Հատորը կը բացուի Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով, ուր հատորի խմբագիրը կը խօսի Երանաշնորհ Հեղինակին եւ ապաշխարութեան մեծ սաղմոսի կապին մասին։ Ապա տեղ կը գրաւեն Սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը, Սաղմոսասաց Դաւիթ Թագաւորի կենսագրականը՝ գրի առնուած նոյնինքն Երանաշնորհ Հեղինակի կողմէ։

Նախապէս լոյս տեսած այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5*23.5սմ. չափերով 96 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ Սրբազան Հեղինակը հակիրճ բացատրականէ մը ետք, կ՚անդրադառնայ Սաղմոսաց գիրքի Աստուածաշունչ մատեանի մէջի դիքին ու կարեւորութեան, բաժանումներուն ու տեսակներուն, երաժշտութեան հետ առնչութեան, վերնագրերուն, Եբրայական եւ Քրիստոնէական, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքի ընթացքին գործածութեան, տպագրեալ սաղմոսարաններու եւ հուսկ՝ Սաղմոսաց գիրքի գերազանցութեան։ Իսկ գիրքի երկրորդ մասին մէջ, հակիրճ մուտքէ մը ետք, համար առ համար կը մեկնաբանէ “Ողորմեա ինձ Աստուած” ապաշխարութեան սաղմոսը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ Երանաշնորհ Հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ի յիշատակ Տիրամայր Արաքսի Անուշեանի։

Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ