ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՉՈՐՍ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական

sargavak 39 Յունուար 2014, Հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներ՝ Բրկ. Միքայէլ Կսրկ. Տօնիկեան, Բրկ. Այգ Կսրկ. Միւրզեան, Բրկ. Խաչիկ Կսրկ. Օհանեան եւ Բրկ. Արման Կսրկ. Պուլտուքեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ, քահանայ հայրեր եւ ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ «Զի ողորմած»¦ աղօթքէն առաջ, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. կատարեց չորս ժառանգաւորներու ձեռնադրութիւնները։ Անոնք, խարտաւիլակ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի առաջնորդութեամբ մօտեցան ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր եւ կատարուեցաւ կանոնական արարողութիւնը։ Ձեռնադրեալներուն ձախ ուսերուն զետեղուեցան Սարկաւագութեան խորհրդանիշ՝ ուրարը, իրենց յանձնուեցաւ բուրվառը եւ Ս. Աւետարանը ի նշան սպասարկութեան։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

sargavak 2

sargavak 1

10Ձեռնադրութենէ յետոյ Նորին Սրազնութիւնը քարոզեց եւ ըսաւ. «Անցեալ երկու տարիներուն, Պատրիարքական Աթոռի 6 հոգեւորականները վախճանեցան։ Որքան որ կը տխրինք ի տես եկեղեցւոյ սպասաւորներու վախճանման, այնքան ալ կ՚ուրախանանք երբ եկեղեցին նոր սպասաւորներով կ՚օժտուի։ Այսօր, Պատրիարքական Աթոռի չորս ժառանգաւոր սաները Աստուծոյ կամքով սարկաւագ ձեռնադրուեցան եւ արժանացան եկեղեցւոյ առաջին մեծ աստիճանին։ Կարճ շրջան մը յետոյ՝ 23 Յունուարին, Բրշ. Միքայէլ Սրկ. Տօնիկեան կուսակրօն, իսկ Բրշ. սարկաւագներ Այգ Միւրզեան եւ Խաչիկ Օհանեան ամուսնացեալ քահանայ պիտի ձեռնադրուին։ Իրենց համար աղօթենք որպէսզի արժանանան քահանայական սուրբ աստիճանին եւ սպասարկեն մեր Ս. Եկեղեցիին»։

Նորին Սրբազնութիւնը իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալներուն ըսաւ. « Դուք սարկաւագական կարգի արժանացաք։ Գիտցէ՛ք ձեր ստանձնած նուիրական կարգին պատասխանատուութիւնը։ Ձեր ծառայութիւնը ըլլայ Աստուածահաճոյ եւ ո՛չ թէ մարդահաճոյ։ Երբեմն պիտի քննադատուիք, դէմ հանդիման պիտի մնաք դժուարութեանց հետ։ Գիտցէք թէ՛ ծառայութիւնը նեղութիւն կրնայ բերել, սակայն նեղութիւններ պիտի բերեն համբերութիւն եւ համբերութիւնը տոկունութիւն։ Նաեւ եկեղեցին ձեզմէ կ՚ակնկալէ հեզութիւն եւ խոնարհութիւն։ Կը  շնորհաւորեմ ձեզ եւ մաղթեմ որ Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհները արատանան Ձեր վրայ»։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ Յովհաննէս Կոլոտ Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։ Յանուն ձեռնադրեալ սարկաւագերու արտայայտուեցաւ Բրշ. Այգ Սրկ. Միւրզօղլու եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներուն, որոնք արժանի տեսած էին զիրենք սարկաւագութեան աստիճանին, նաեւ որոշած՝ իրենց քահանայութեան ձեռնադրութիւնը։ Յայտնեց նաեւ թէ ժառանգաւոր սաներ իրենց ձեռնադրութեամբ պիտի ջանան ծառայել Ս. Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ պայծառութեան եւ շինութեան համար։ Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց նոր սարկաւագները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ խնամակալութեան եւ տիկնանց կազմին։

  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10