ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՉՈՐՍ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

27 եւ  28 Յուլիս օրերը ցնծութեան առիթներ եղան ՊատրիարքականԱթոռի  հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողոովուրդին համար։ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր չորս սաները՝ Տրց.Սահակ Սրկ. Պըչաքճեան, Տրց. Սեւան Սրկ. Ճիւանեան, Տրց.Յարութիւն Սրկ. Պապիկեան եւ Տրց. Հայկ Սրկ. Քոփարեան՝ Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հօր ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուեցան եւվերանուանուեցան Տէր Զաւէն Քահանայ, Տէր Զօհրապ Քահանայ, Հայր Զատիկ Աբեղայ եւ Տէր Զաքար Քահանայ։

ԿՈՉՈՒՄ
Չորս տիրացու սարկաւագներու քահանայութեան կոչմանարարողութիւնը տեղի ունեցաւ 27 Յուլիս 2005 Չորեքշաբթի, ժամը19.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախկատարուեցաւ երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւնհանդիսապետութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ մասնակցութեամբԱթոռոյս հոգեւոր դասուն։ Ժամերգութեան աւարտին սկսաւ կոչմանարարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Հայր Թաթուլ ԱբեղայԱնուշեանի եւ առընթերակայութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ ՔահանայՏամատեանի։

143
Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան,վկայութիւն տրուեցաւ ընծայեալներու արժանաւորութեան, վարքին եւ կենցաղին մասին եւ ապա ընծայեալները պաշտօնապէս յանձնառուեղան քահանայութեան լուծը վերցնել, հրաժարեցան եւ նզովեցինբոլոր հերձուածողներն ու սխալ ուսուցումները եւ խոստացան աշակերտիլ եւ հետեւիլ առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլորուղղափառ հայրապետներու եւ վարդապետներու ուսուցումներուն։ Ապա կարդացին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառդաւանութեան հանգանակը։

144Կոչման արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը պատշաճ բացատրութիւններ տուաւ քահանայութեան կոչման արարողութեան մասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթքով մասնակցելու տիրացուներու յաջորդ օրուան ձեռնադրութեան համար։

145

Արարոութեանց աւարտին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ քովնտի պարտէզին մէջ թէյասեղան մը սարքեց,որուն ընթացքին հոգեւոր հայրեր եւ արարողութեանց մասնակից ժողովուրդը շնորհաւեցին ընծայացուները եւ կարողութիւն մաղթեցինիրենց։

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ 
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին տաճարը առաւօտեան ժամերէն սկսեալլեցուն էր հաւատացեալ ժողովուրդով, որոնք եկած էին մասնակցելուչորս ժառանգաւորներու քահանայական ձեռնադրութեան Ս.Խորհուրդին՝ իրենց աղօթքներով եւ մանաւանդ իրենց վկայութիւնըտալու տիրացուներու արժանաւորութեան մասին։ Առաւօտեանժամերգութիւնները կատարեցին քահանայ հայրեր։

146147
Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրըառընթերակայութեամբ Հոգշ. Հայր Թաթուլ Աբեղայ Անուշեանի եւ Արժ.Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, Հոգշ. Տ. Զաքէոս ԱբեղայՕհանեան, Անգլիական Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հ. Ճոն ՈւըլիՎարդապետը, քահանաներ եւ սարկաւագներ։

Նախ քան ճաշու գրքերու ընթերցումը չորս տիրացուները սաղմոսներով բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակ ՀայրՍուրբը անգամ մը եւս ներկայացուց ենթակաները վկայելով անոնցվարքին եւ գիտութեան։

148
Կանոնական աղօթքներու ընթերցումէն յետոյ չորս տիրացուները իրենցուխտագիրները կարդացին ուխտելով «ցմահ անտրտունջ ծառայելուՀայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ հնազանդ մնալ Հայ Եկեղեցւոյկանոններուն եւ սրբազան աւանդութեանó եւ իրենց քահանայականպաշտօնը կատարել Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորիրաւասութեան սահմաններուն մէջ, հնազանդ մնալով Ն.Ա.Տ. ՄեսրոպՍ. Պատրիարք Հօր եւ իր յաջորդներուն¦։

149
Մինչ կ՚երգուէր «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ը, չորսսարկաւագներ իրենց երեսը ժողովուրդին դարձած եւ ձեռքերնին վերբարձրացուցած՝ ցոյց կու տային, թէ կը հրաժարէին աշխարհիկկեանքէ։ Ժողովուրդը կը վկայէր իրենց արժանաւորութեան մասին,երգելով «Արժանի են»։ Ապա դէպի խորան դարձող տիրացուներու գլուխներուն վրայ Պատրիարք Հայրը մի առ մի ձեռք դրաւ աղօթելով որ անոնք անհրաժեշտ զօրութիւնն ստացան Աստուծոյ Սուրբ Հոգիէն։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը տիրացուներու ուրարներըդարձնելով իրենց վզերէն վերածեց փորուրարի ի նշան Քրիստոսիքաղցր լուծին եւ քահանայութեան։

ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՕԾՈՒՄ 
Սուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագըշարունակուեցաւ մինչեւ §Ողջոյն¦ի պահը։ Կարդացուեցանկանոնական աղօթքներ եւ չորս սարկաւագներուն տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։

150
151152Ապա տիրացուները զանգակներու ղօղանջներով եւ ԽաչատուրՏարօնեցիի հեղինակած §Խորհուրդ Խորին» շարականով զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղանին առջեւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ս. Միւռոնով օծեց նորապսակքահանաներուն ճակատներն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը եւ զանոնքաւագութեան կարգով վերակոչեց ըստ հետեւեալի. Տրց. Սահակ Սրկ.Պըչաքճեանը՝ Տէր Զաւէն Քահանայ, Տրց. Սեւան Սրկ. Ճիւանեանը՝ ՏէրԶûհրապ Քահանայ, Տրց. Յարութիւն Սրկ. Պապիկեանը՝ Հայր ԶատիկԱբեղայ, եւ Տրց. Հայկ Սրկ. Քոփարեանը՝ Տէր Զաքար Քահանայ։

153
154Նորապսակ հոգեւորականները կարգաւ իրենց անդրանիկ օրհնութիւնըտուին ժողովուրդին։ Յետ օծման Նորին Ամենապատուութիւնըքարոզեց եւ բացատրեց ձեռնադրեալներուն տրուած անուններունիմաստը. Զաւէն՝ օգնական, Զօհրապ ՝ կարմրափայլ, Զատիկ՝ զոհ եւպատարագ, Զաքար՝ յիշատակ։ Մեր Հոգեւոր Պետը իւրաքանչիւրանուան իմաստը ներկայացնող Ս. Գրական մէջբերումներովհանգամանօրէն ընդգծեց քահանայական կարգի կարեւորութիւնը,քահանային պաշտօնին վսեմութիւնը։ Յիշեցուց, թէ քահանան իրպաշտօնավարութեան ամէն մէկ փուլին պէտք էր վստահէր Աստուծոյեւ միշտ դիմէր անոր օգնականութեան։ Քահանան պէտք էր իրպարտաճանաչութեամբ փայլէր եւ իր առաքինութիւններով օրինակհանդիսանար ժողովուրդին։ Իր ծառայութեան օրինակը պէտք էր ըլլարՍ. Խաչին վրայ պատարագուած Քրիստոսը, որ զենուեցաւ մեր բոլորինհամար։ Քրիստոսի պաշտօնեան Եկեղեցւոյ խորհուրդներուկատարմամբ հոգեւոր մարտի կը մտնէր ընդդէմ չարին։ Քահանանպէտք էր տէր կանգնէր մեր սրբութեանց եւ յարգէր յիշատակը բոլորանոնց որոնք Հայ Եկեղեցին կերտեցին եւ մեր ժողովուրդը ՀայՔրիստոնէի կնիքով դրոշմեցին։

Ողջոյնի պահուն, Նորին ԱՄենապատուութենէն սկսեալ, բոլորհոգեւորականները ըստ  իրենց աւագութեան կարգին եկանհամբուրելու նորապսակ հոգեւորականներու ճակատներն եւ աջերը։

ՎԵՂԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ 
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նորապսակ Հոգշ. ՀայրԶատիկ Աբեղայ Պապիկեանի վեղարի օրհնութեան արարողութիւնըկանոնական աղօթքներու ընթերցումով։

Տուուչութեան արարողութենէն յետոյ Մեր Հոգեւոր Պետըշարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյխորհրդարանը, ուր իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց դպիրներուն եւժողովուրդին։

155
ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Եկեղեցւոյ Պալեան սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան,նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Թաղային Խորհուրդիանունով արտայայտուեցաւ Տիար Կարպիս Պալմումճուեան։ Ս. ԽաչԴպրեվանքի Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ ՊարոյրՔէպապճեան, որ յուշանուէրներ յանձնեց նորապսակհոգեւորականներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը  իր խօսքին մէջանգամ մը եւս շնորհաւորեց նորապսակ հոգեւոր հայրերը։Շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց կնքահայրերուն, որոնք յանունժողովուրդին զօրավիգ կանգնած էին իրենց։ Շնորհաւորեց նաեւ իրենցծնողներն ու  ընտանիքները։ Հուսկ բանքը արտասանեց Գերշ. Տ.Շահան Արքեպիսկոպոս, որ հայրական խրատներ տուաւ նորապսակ հայրերուն։

Միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքէն յետոյ աւարտինհասաւ Սիրոյ Սեղանը։

156
Հոգեշնորհ Հ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի ձեռնադրութեան կնքահայրն էր՝ Գէորգ Չէթինքայա, Արժանապատիւ Տ. Զաւէն Քհն. Պըչաքճեանի՝ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու, Արժանապատիւ Տ. Զօհրապ Քհն. Ճիւանեանի՝ Սիմոն Օրալ, Արժանապատիւ Տ. Զաքար Քհն. Քոփարեանի՝ Իսքենտէր Շահինկէօզ։

157
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՏԻԿ ԱԲԵՂԱՅ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

 
Աւազանի անունով՝ Յարութիւն, ծնաւ 1951-ին Պոլիս եւնախակրթութիւնը ստացաւ Էսաեան Վարժարանին մէջ։ ՎկայուելովՂալաթիոյ Կեդրոնական Լիսէէն, 1970–1976 տարիներունաշխատեցաւ Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի տպարանին մէջ, որպէսգրաշար։

1978-ին, աւարտեց զինուորական ծառայութիւնը, 1980-ին հիմնեց իրսեփական տպարանը, զոր փակեց 2000-ին։
Մաս կազմեց Կեդրոնական Սանուց Միութեան վարչութեան եւ Ս.Խաչ Լիսէի (Դպրեվանք) օժանդակ մարմնին։ ԱնդամակցեցաւՊէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց ԴասԵրգչախումբին, նաեւ մաս կազմեց տնօրէն խորհուրդի կազմին։

2000–2004 շրջանին յաճախեց Երեւանի Պետական ՀամալսարանիԱստուածաբանութեան ճիւղը, որուն քառամեայ շրջանը բոլորելէ ետք, 2004 թուականին ստացաւ դպրութեան չորս աստիճանները ձեռամբԳերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Նոյն տարին Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ.Աթէշեանի ձեռամբ կիսասարկաւագ ձեռնադրուելէ յետոյ մեկնեցաւԼիբանան, ուր հետեւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութեանԴպրեվանքի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

3 Յուլիս 2005-ին, Վարդավառի տօնին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. ՇահանԱրք. Սվաճեանի։

28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին,ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կուսակրօն քահանայձեռնադրուեցաւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

158
 ԱՐԺ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԸՉԱՔՃԵԱՆ

 
Աւազանի անունով՝ Սահակ, ծնաւ 1951 թուականին Կեսարիա, ուրստացաւ իր նախակրթութիւնը։ Ապա Պոլիս գալով 1969-ին վկայուեցաւՍուրբ Խաչ Դպրեվանքէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացաւ ՍտանպուլիՀամալսարանի հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։ Հետեւեցաւփիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ մանկավարժութեանդասընթացքներուն։ Աւարտեց նաեւ Չափայի Պետական Հիւանդանոցիմէջ կազմակերպուած հոգեբանութեան դասընթացքները։

1975-ին զինուորագրուեցաւ ու ծառայեց Թուզլայի եւ Քըրքլարէլիիմէջ։ Ամուսնացաւ Հայկանուշ Նազիկ Մկրեանի հետ եւ ունեցաւ երեքզաւակներ. Աւետիս, Արման եւ Հերման։

Դպրութեան չորս աստիճանները ստացաւ 1964-ին, ձեռամբԵրանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր։ 1980-ական թուականներունհետեւեցաւ Պատրիարքական Աթոռին Ս. Գիրքի դասերուն։Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 1997-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. ՄեսրոպԱրքեպիսկոպոս Մութաֆեանի եւ Երանաշնորհ Գարեգին Բ Ս.Պատրիարք Հօր յատուկ արտօնութեամբ սկսաւ Ս. Գրքի դասերկազմակերպել համայնքի թրքախօս անդամներուն համար։Սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 2004-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. ԳարեգինԱրքեպիսկոպոս Պէքճեանի։

Ունեցաւ համայնքային ծառայութիւն։ Երկար տարիներ պաշտօնվարեց սանուց միութիւններու եւ դպրաց դասերու մէջ։Հոգաբարձութեան ատենապետ եղաւ Սահակեան ՆունեանՎարժարանի եւ խնամակալ՝ Գալֆայեան Տան։

28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին,ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւՊէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

159

 ԱՐԺ. Տ. ԶՕՀՐԱՊ ՔԱՀԱՆԱՅ ՃԻՒԱՆԵԱՆ 

Աւազանի անունով՝ Սեւան, ծնաւ 27 Փետրուար 1960-ին ՊոլսոյԿէտիկփաշա թաղը, ուր Ս. Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ ստացաւնախակրթութիւնը։ Ապա միջնակարգի եւ լիսէի ուսումը ստացաւՂալաթիոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն ուսումըստացաւ Ստանպուլի Թէքնիք Համալսարանի ՇինութեանՃարտարագիտութեան ճիւղին մէջ, զորս աւարտեց 1982-ին, իսկ 1984-ին վկայուեցաւ Մագիստրոսի տիտղոսով։

Աւարտելով ուսումը, զինուորագրուեցաւ ու ծառայեց Իզմիրի եւՍարըքամըշի մէջ։ Ապա ամուսնացաւ Թանիա Փափճեանի հետ, 1998-ին։ Զինուորական պարտականութենէն յետոյ, աշխատեցաւ որպէսշինութեան ճարտարագէտ։

Մանկութեան օրերէն սկսեալ որպէս երգեցիկ մանուկ հետեւեցաւթաղի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ դպրաց դասուաշխատանքներուն, զորս անխափան շարունակեց բերելով իր գործօնմասնակցութիւնը նոյն եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց ԴասԵրգչախումբի շարքերէն ներս։ Դպրութեան չորս աստիճաններըստացաւ 1974-ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Մասկազմեց Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդին։1982-ին ուրար կրելու արտօնութիւն ստացաւ ձեռամբ ԵրանաշնորհՇնորհք Պատրիարքի։ Մաս կազմեց նաեւ Սայաթ Նովա Դպրաց ԴասԵրգչախումբի աշխարհիկ համերգներու աշխատանքներուն։Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցաւ 2004-ին ձեռամբ Գերշ. Տ. ԱրամԵպիսկոպոս Աթէշեանի եւ սարկաւագ՝ 2005-ին ձեռամբ Ն.Ա.Տ. ՄեսրոպՍ. Պատրիարք Հօր ։

2005-ի Յունիսին աւարտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութեանԴպրեվանքի քահանայից դասընթացքները։

28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին,ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւՊէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

160

ԱՐԺ. Տ. ԶԱՔԱՐ ՔԱՀԱՆԱՅ ՔՈՓԱՐԵԱՆ 

Աւազանի անունով՝ Հայկ, ծնաւ 1972-ին, Պոլիս։ Նախնականկրթութիւնը ստացաւ 1978–1982 թուականներուն միջեւ, ՍկիւտարիՆերսէսեան–Երմոնեան վարժարանին մէջ։ Ապա, 1990 թուականինվկայուելով Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Լիսէէն (Դպրեվանք), մուտք գործեցգործի ասպարէզ իբրեւ հաշուապահ։

1998-ին աւարտելով զինուորական ծառայութիւնը, 1999-ինամուսնացաւ Լիւսիէն Պալըքի հետ եւ 2002-ին ունեցան աղջիկ զաւակմը՝ Մանէն։

1999-2004 թուականներուն միջեւ ուսանեցաւ Երեւանի ՊետականՀամալսարանի Աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ, ուրկէ վկայուելէյետոյ, 2004-ին ստացաւ դպրութեան չորս աստիճանները ձեռամբ Գերշ.Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Նոյն տարին Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ.Աթէշեանի ձեռամբ կիսասարկաւագ ձեռնադրուելէ յետոյ մեկնեցաւԼիբանան, ուր հետեւեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութեանԴպրեվանքի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

3 Յուլիս 2005-ին, Վարդավառի տօնին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւՖէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. ՇահանԱրք. Սվաճեանի։

28 Յուլիս 2005, Հինգշաբթի, Սրբոց Կիրակոսի եւ Յուղիտայի Տօնին,ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր քահանայ ձեռնադրուեցաւՊէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։