ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Աշխարհական

polonyaՊատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 31 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, Ժամը 13.30ին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լեհաստանի Հիւպատոսարան եւ ստորագրեց Լեհաստանի Աւագ Հիւպատոս Թատէոս Մազօվէճքի մահուան առթիւ բացուած ցաւակցական տոմարը։

Հայր Սուրբը, յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքին ցաւակցութիւնները յայտնեց Փոխ Հիւպատոս Լուքաս Փափրօթնիին։