ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական

Holy-MyuronԻնչպէս յայտնի է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, 27 Սեպտեմբեր 2015, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պիտի կատարուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը։

Սոյն հոգեպարար հանդիսութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս պիտի մասնակցի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ՝ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։ Պատուիրակութիւնը, 23 Սեպտեմբեր, Չորեքշբթի առաւօտ պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ պիտի վերադառնայ 30 Սեպտեմբեր, Չորեքշաբթի։