ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ԳԱՀԱԿԱԼՆԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

mayr yegegetsiՊատրիարքական Աթոռոյ հիմնադրութեան 552րդ տարեդարձին առիթով 25 Մայիս 2013, Շաբաթ, ժամը 16.00ին երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորական դասուն։

Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, միաբերան երգուեցաւ «Կենդանարար Աստուած» շարականը, որուն աւարտին կատարուեցաւ Մաղթանք Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատութեան համար։ Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Պատրիարքական Աթոռոյ Երանաշնորհ գահակալներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։