ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 553ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

daretartsՊատրիարքական Աթոռոյ հիմնադրութեան 553րդ տարեդարձին առիթով 7 Յունիս 2014, Շաբաթ, ժամը 16.00ին երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորական դասուն։

Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, միաբերան երգուեցաւ «Կենդանարար Աստուած» շարականը, որուն աւարտին կատարուեցաւ Մաղթանք Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատութեան համար։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։