ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ

Kategori: Կարճ լուրեր,Միջկրօնական,Փաստաթուղթեր

20841805_814936291999589_4483501571507573721_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, 17 Օգոստոս 2017, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ բացումը պիտի կատարուի «Cuma, Cumartesi, Pazar» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսին։ Աշխատութիւններու կը մասնակցին 5 լուսանկարիչներ, որոնց շարքէն են նաեւ համայնքիս անդամներէն՝ Մկրտիչ Արծիւեան եւ Պէրկէ Արապեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ թաղային խորհուրդին աշխատութիւններով պատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտին հասած են։ Մուտքը ազատ հանդիսութեան ընթացքին, մշակութասէր հասարակութիւնը պիտի համախմբուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ երաշխիքը պիտի դառնայ տարբեր հաւատքներու եղբայրական համակեցութեան։