ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Kategori: Միջկրօնական

20953949_816481505178401_1990024727847612435_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, 17 Օգոստոս 2017, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ բացումը կատարուեցաւ «Cuma, Cumartesi, Pazar»(Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի) խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսին։ Լուսանկարները պատրաստուած էին լուսանկարիչներ՝ Ալպէրթօ Մօտիանօ, Պէրկէ Արապեան, Էմինէ Իւլքէրիմ, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Նիքօ Մանկինասի աշխատութիւններու ամփոփմամբ։

Բացման հանդիսութեանց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Ներկայ էին Յոյն, Ասորի, Ասորի Կաթոլիկ, Քաղդէացի Կաթոլիկ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Կղզեաց Միւֆթիւի ներկայացուցիչները, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ. Եւ Զաւէն Քահանայ Հայրերը, Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն՝ Թամար Քարասու, բազմաթիւ հիւրեր եւ Կղզեբնակ մշակութասէր հասարակութիւնը։

Եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ կատարուած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Յարութիւն Աբեղան եւ յանուն Իշխանաց Կղզեաց ժողովուրդին ողջունեց Պատրիարքական Աթոռոյ բարձր հովանաւորութիւնն ու միջկրօնական դէմքերու ներկայութիւնը։ Ապա, ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Լեւոն Շատեան։ Իր հակիրճ խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս յիշեց թէ սոյն հանդէսը իմաստ կը զգենուր Իշխանաց Կղզեաց մէջ, քանի որ այս շրջանին մէջ կը բնակին տարբեր կրօնքէ անհատներ։ Յանուն լուսանկարիչներու իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ Մկրտիչ Արծիւեան։ Ի միջի այլոց յայտնեց թէ սոյն աշախութեան գաղափարը յղացած եւ կեանքի կոչման մղիչ ուժը հանդիսացած էր Լաքի Վինկաս։ Այս առթիւ, յանուն լուսանկարիչներու նկարներէ բաղկացեալ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ իրեն։ Լաքի Վինկաս հակիրճ ձեւով յայտնեց թէ ինչպէս ծնունդ առած էր սոյն աշխատանքը։ Յետոյ Սահակ Եպիսկոպոս հանդէս եկաւ Միաստուածեան կրօնքներու յարաբերութեան կարեւորութիւնը շեշտող պատգամով։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Ցուցահանդէսի անունը արդէն իսկ կը ցոլացնէ սոյն յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը։ Իսկութեան մէջ աշխարհը տաճար մըն է, իսկ երկինքը այդ տաճարի գմբէթը, իսկ մարդկութիւնը այս տաճարի մէջ աղօթողներ։ Նոյն Արարիչն է այս տաճարին կերտիչը։ Պէտք է անդրադառնանք թէ կրնանք իրարու մօտ կենալ ու զիրար ճանչնալ։ Այս համակեցութեան լաւագոյն օրինակներէն է մեր քաղաքը՝ Ստանպուլը։ Այպիսի ցուցահանէդսները իրենց պարունակութեամբ կը յիշեցնեն այս ճշմարտութիւնը։ Կը շնորհաւորեմ մասնակիցները եւ կազմակերպիչները»։ Հուսկ բանքը արտասանեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ. «Մեր շուրջը գտնուող գեղեցկութիւնները երբեմն կրնան աչքէ վրիպիլ։ Ժպտող աղքատ մանուկ մը երբ կը տեսնենք, յաճախ իր ժպիտէն առաջ կը նշմարենք իր աղքատութիւնը։ Սակայն կը մոռնանք որ այդ մանուկը երջանիկ է եւ կը խնդայ։ Մենք այդ ցուցահանդէսի մէջ պիտի տեսնենք նկարներ, որոնք եթէ ուշադրութեամբ դիտուին ցոյց պիտի տան աչքէ վրիպող կարեւոր պատգամներ։ Իրենց մեծագոյն պատգամը պիտի հանդիսանայ տարբեր հաւատքներու եղբայրական համակեցութիւնը»։ Նորին Սրբազնութիւնը իր խօսքերու աւարտին մեծապէս շնորհաւորեց մասնակից նկարիչները եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ու իրենց շնորհեց Պատրիարքական Աթոռոյ գնահատագրերը։

Պաշտօնական բացման հանդիսութեան աւարտին, Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ բոլոր հիւրերը իջան եկեղեցւոյ սրահը։ Այստեղ առիթը ունեցան իւրաքանչիւր լուսանկարիչէն մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ եւ տեսնել իրենց աշխատութիւնները։ Թաղային Խորհուրդը, եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ ընդունելութեամբ պատուեց ներկաները։

  • 20953012_816482105178341_2046522659201061286_n
  • 20882175_816481108511774_1735832618132787936_n
  • 20882705_816480985178453_8699075384067943539_n
  • 20914708_816481358511749_7897871927607584175_n
  • 20915339_816481355178416_1411262397874952966_n
  • 20882161_816481648511720_1528674107610320082_n
  • 20882206_816482108511674_1456509978719889036_n
  • 20882551_816481671845051_6666108212714967375_n
  • 20915080_816481715178380_2046340264479049438_n