ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

Bilgisayar yardım (4)

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 18 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որով Պատրիարքական Աթոռոյս հովանիին ներքեւ համակարգիչներ յանձնուեցան վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ներկայ էին՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն՝ Եսայի Տէմիր եւ Արէտ Քարապուլութ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն՝ Նուրհան Սուճեան եւ Շանթ Չաքմաքճեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդէն՝ Հապիպ Էօզֆուրունճու, ինչպէս նաեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Պատրիարքական Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի կամաւորներէն՝ Մարթա Ժոսլին Տինչքայըքճը, Անուշ Քարմէն Սար, Լետա Գօչ, Տայք Միսիսօղլու եւ Մկրտիչ Տոնուքէօք։

Ինչպէս ծանօթ է, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ’ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Նոր ուսումնական տարեշրջանի սեմին, քանի քանի աշակերտներ համակարգիչէ զուրկ ըլլալու պատճառաւ, օժանդակութիւն խնդրած էին Պատրիարքական Աթոռէն։ Իսկ, Պատրիարք Սրբազան Հայրը իրեն հասած խնդրանքին ընդառաջելով, համայնքին կոչ ուղղած էր, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռոյ ճամբով համակարգիչներ նուիրուէին այն աշակերտներուն, որոնք համակարգիչէ զուրկ էին։ Մօտաւորապէս երկու շաբաթներ յետոյ, արդէն իսկ նուիրատուութիւնները հաւաքուած էին։

Պատասխանատուներուն նախ ներկայցուեցաւ դպրոցներուն ուղարկուած համակարգչին հետեւեալ մանրամասնութիւնները. «INTEL I3.3Gen 8 GB RAM 500 GB HD 19.5″ Monitörlü Masa Üstü Bilgisayarı + Speaker + Kamera + USB Wifi»։

Հանդիպման ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը երբ վերահասու եղաւ իր զաւակներուն անհրաժեշտ ու անյետաձգելի կարիքին, արագօրէն գործի լծուեցաւ։ Ուրախութիւն էր տեսնել, երբ բարերարներ իրենց լումաներով, մասնակից դառնալ սկսան ու կարճ ժամանակի մէջ արդէն իսկ համակարգիչները ապահովուած էին։ Երբ օժանդակութեան արշաւը սկսաւ, համայքիս բոլոր կարիքաւոր աշակերտները առաւել եւս քաջալերուեցան խնդրամատոյց ըլլալու ու իրենց աշակերտած վարժարաններու ճամբով խնդրեցին համակարգիչներ։ Սոյն հանդիպմամբ, վարժարաններու ներկայացուցիչներուն կը յանձնուէր համակարգիչները, որպէսզի անոնք վարժարանի ճամբով հասնէին աշակերտներուն։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս շեշտեց նաեւ,որ Պատրիարքական Աթոռը կը ցանկայ կատարեալ ծառայութիւն մատուցանել եւ այս ուղղութեամբ կարելիութեանց սահմաններուն մէջ ընտրուած էին՝ որակաւոր գործիքներ օժանդակութեան համար։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, Ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանէլի եւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի անձերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, քանի այս արշաւը կը կատարելագործուէր իրենց իսկ ջանքերով։

Bilgisayar yardım (1)

Սամաթիոյ, Թոփգաբուի եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու ներկայացուցիչները, տեղեկութիւններ տուին նաեւ իրենց վարժարաններէ ներս կարիքաւոր աշակերտներու մասին։ Ըստ իրենց տեղեկութեանց, Քորոնա Համավարակի շրջանին կրթական համակարգի մէջ անհրաժեշտ գործիք կը նկատուէր համակարգիչը, քանի դասերը կը կատարուէին համացանցի ճամբով։ Այլապէս, այս օժանդակութեան արշաւը մեծապէս պիտի նպաստէր բազում աշակերտներու եւ անոնք եւս պիտի մասնակցէին հեռակայ դրութեամբ կատարուած դասաւանդութեանց։ Այս առթիւ, անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր, որուն հայրական նախանձախնդրութեամբ գործի լծուեցան շատեր եւ կարճ ժամանակի մէջ գնուեցան համակարգիչները։ Ներկայացուցիչներ, ապա, փոխան ստորագրութեան ստացան համակարգիչները։

Յարկ է յիշեցնել նաեւ թէ՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանին, Ս. Խաչ Դպրեվանքին, Գալֆաեան Տան, Պէզճեան Մայր Վարժարանին, Մէրամէթճեան Վարժարանին, Տատեան Վարժարանին, Պոմոնթի Մխիթարեան Վարժարանին եւ Հրանդ Տինք Վարժարանին եւս յանձնուեցան համակարգիչներ։ Այսպիսով, շաբթուան մը տեւողութեան ընթացքին, ընդամէնը 178 համակարգիչներ յանձնուեցան աշակերտներուն եւ մնացեալ 41 համակարգիչները եւս ապահովելու համար կը շարունակէ գործել Պատրիարքական Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը։

  • Bilgisayar yardım (4)
  • Bilgisayar yardım (8)
  • Bilgisayar yardım (7)
  • Bilgisayar yardım (6)
  • Bilgisayar yardım (5)
  • Bilgisayar yardım (3)
  • Bilgisayar yardım (2)
  • Bilgisayar yardım (1)