ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական

12657854_538371946322693_3646260414389599826_oՊատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր, Պատրիարքարանի սեղանատան մէջ Բարեկենդանի առթիւ սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուեցան, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ընթրիքի նպատակն էր վերակենդանացնել վանական նախկին սովորութիւն մը՝ «Աբեղաթող»ը։

Աբեղաթողը, հայկական հին սովորութիւններէն մէկն է։ Ինչպէս այսօր, նախկին շրջաններուն եւս Բարեկենդանին, ժողովուրդը տօնախմբութիւններով, խրախճանքներով կը յիշէր դրախտային երջանկութիւնը։ Նմանապէս վանքեր ալ իրենց խստակեցութիւնը կը թուլցնէին եւ վանականներ Աբեղաթողի առթիւ ի մի հաւաքուած ուրախութիւն սարքելով կը տօնէին այս երջանկութիւնը։ Բոլոր աստիճանաւորներ՝ վանահայրէն մինչեւ աբեղայ, հաւասար իրաւունքներով կը մասնակցէին աբեղաթողի տօնախմբութեան։ Կրստեր միաբաններէն մէկը կը կոչուէր նաեւ օրուայ մեծաւորը։ Այս առթիւ, «Աբեղաթողի Պատրիարք» ընտրուեցաւ միաբանութեան կրտսերագոյն անդամը՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան։

Սարքուած սիրոյ սեղանին, միաբաններ երգերով ու մանրավէպերով հաճելի պահեր անցուցին։ Գաղափարի փոխանակումներ եղաւ նաեւ եկեղեցական շարք մը նիւթերու շուրջ։ Մեկտեղումը իր աւարտին հասաւ, Սրբազան Հօր հուսկ բանքով։ Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւնը յայտնեց մեկտեղումի առթիւ եւ մաղթեց որ յառաջիկայ տարիներուն շարունակուի այս գեղեցիկ աւանդութիւնը։ Մեծ Պահոց շրջանին առթիւ ներկայ միաբաններուն կարողութիւն մաղթեց։