ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

antranik badarak (1)

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները 12 Յունուար 2020, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ առթելով հոգեւոր հրճուանքի տրամադրութիւն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անդրանիկ Սուրբ Պատարագին առթիւ ամբողջ համայնքը ժամադրուած էր Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագին սկիզբը, Պատրիարքարանէն դէպի եկեղեցի կազմուած թափօրը սկսաւ շարժիլ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորան առաջնորդուեցաւ՝ հովուապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Իրեն առընթերակայ էին Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ «Հրաշափառ»ով դէպի տաճար առաջնորդուելէ վերջ Պատարագիչ Պատրիարք Հայրը հանդիսաւորապէս խորան բարձրացաւ։

Երգեցողութիւնները կատարեցին, Պոլսահայ միացեալ երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի եւ երգետոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագաց դասէն բազմաթիւ սարկաւագներ։

Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեան, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Գերշ. Տ. Մկրտիչ Եպս. Պռօշեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Նալպանտեան, Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան, Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ՝ Գերպ. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Գերապայծառ Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Դասին մէջ արարողութեան հետեւեցան այն բոլոր հայ կամ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք շաբաթավերջի արարողութիւններուն համար արտասահմանէն ժամանած էին քաղաքս։ Անոնց միացած էին նաեւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները, որոնք եւս ամբողջական կազմով ներկայ էին արարողութեան։

antranik badarak (4)

Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի յատկանշական փուլերէն մին եղաւ յիշատակութեան պահը։ Նախ քան յիշատակութեան պահը, Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր համար հոգեհանգիստ կատարուեցաւ։ Աւելի վերջ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Պատրիարքին Հայոց Թուրքիոյ՝ Տէր Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոսի անունը։

antranik badarak (10)

Անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին առաջին հերթին Ս. Ծննդեան աւետիսով ողջունեց ամբողջ հոգեւորականաց դասն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարէն շաբաթ մը վերջ տուած քարոզին մէջ ան խօսեցաւ Ս. Ծնունդի խորհուրդի մասին ու դիտել տուաւ, որ այնտեղ կայ Աստուծոյ կամքը, այնտեղ կան մահն ու կեանքը։ Ս. Ծնունդը կը բնորոշէ նոր սկիզբ մը եւ Քրիստոսի հետեւորդները 2020 տարիէ ի վեր կը տօնախմբեն այդ մէկը եւ 2020 տարի վերջ զիրար կ՚ողջունեն նոյն աւետիսով։ «Յիսուս եկաւ բաժանեալ մարդկութիւնը միացնելու. միացնելու իրարու եւ Աստուծոյ հետ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ Տէր Յիսուսի գործը միութիւնն էր, միութիւն ապահովելը։

82735079_10157436015898183_3813835541854552064_o

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն նմանութիւնով մեկնաբանեց նաեւ իր մատուցած անդրանիկ Ս. Պատարագը, որ ունեցաւ միացնող ուժ մը եւ դարձաւ համապատասխան ազդակ մը։ Այսպէս, միացան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռները։ Ան շարունակեց.

«Տէրը կ՚ուզէ մեզ ինքզինքին նմանցնել իր զոհաբերութեամբ։ Մենք պէտք է սորվինք Յիսուսին նայիլ։ Բոլոր ծաղիկները գեղեցիկ են, սակայն կայ արեւածաղիկը, որ միշտ կը դառնայ արեւուն եւ իր կեանքի կեդրոնը դարձուցած է արեւը։ Մենք ալ պէտք է մեր կեանքի կեդրոնը դարձնենք Քրիստոսը»։

Նկատի ունենալով, որ տարեմուտի փուլին կը գտնուինք՝ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ Նոր տարուան մասին ու շեշտեց, որ այդ նորը գործի պիտի չծառայէ, եթէ մենք չնորոգուինք։ «Նոր պատրիարքով մենք պիտի նորոգուինք։ Մենք ստիպուած ենք փոխուելու ու նորոգուելու, համայնքային կեանքը վերափոխելու։ Բարի պտուղ ստանալու համար պէտք է ունենալ լաւ ծառ մը։ Ծառը մենք ենք ու ամէն ինչ պէտք է մենք մեզի համար խնդրենք։ Քրիստոսի պտուղները պէտք է արտադրուին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի երեւայ, թէ մեր ժողովուրդը ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէ իր նոր պատրիարքի կոչին։

Աւելի վերջ նորընտիր գահակալը դիտել տուաւ, որ եկեղեցին միշտ կը տօնէ սկիզբն ու վերջը։ «Աղօթեցէք, որ նոր պատրիարքը երբեք չմոռնայ, որ մահկանացու է։ Աղօթեցէք, որ միշտ Աստուծոյ երկիւղը ունենամ իմ մէջս», ըսաւ եւ կանխաւ ներողութիւն խնդրեց սխալներուն համար։ Ան բացատրեց, որ արեւուն վրայ ալ կան ախտեր եւ այս աշխարհի վրայ չկայ կատարեալ մարդ։ Յիսուսի ժառանգ թողած մեծագոյն ուսուցումն է ներելը եւ ներուիլը։

«Առանց ձեզի բան մը չի կրնար ընել այս նոր պատրիարքը։ Ձեր պատրիարքը ձեզի հետ միասին պիտի կատարէ իր գործը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը ու մաղթեց, որ մեր համայնքը վերստին միաւորուի այս նոր սկիզբով եւ շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը պատմութեան մէջ։

Անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ Հայաստանին եւ սփիւռքին։ «Մենք մէ՛կ ազգ ենք։ Մէ՛կ Եկեղեցւոյ զաւակ ենք։ Մեզ շատ բան կը կապէ իրարու, ճակատագրակից ենք։ Մենք միութեան խորհուրդներ ունինք ու որպէս մէկ ազգ հետեւինք անոնց։ Եկեղեցին կը միացնէ մեզ, ինչպէս այս պատարագը կը միացնէ մեզ», ընդգծեց նորընտիր պատրիարքը եւ յիշեցուց, որ դարը դժուար է հաւատացեալներուն համար եւ եկեղեցին այս մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին պարտաւոր է տալու իր խրատը ժողովուրդին։

Քարոզի եզրափակիչ փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ աշակերտ մնալու խորհուրդին վրայ։ «Աղօթեցէք, որ պատրիարքը միշտ աշակերտ մնայ։ Միասնաբար մեծնանք։ Միասնաբար սորվինք մեր հայրերու անցած ճանապարհները, մարդկութեան ճամբաները եւ Ս. Աւետարանը», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը ու շեշտեց, որ կեանքի ողջ տեւողութեան սրտին մէջ պիտի կրէ պատրիարքական Ս. Պատարագի օրուան քաղցր յիշատակը։

antranik badarak (8)

Պատրիարք Հայրը, քարոզիչ աւարտին յայտնեց թէ՝ հեռաւոր ԱՄՆ-էն ժամանած էր Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանը, որ ըլլալով երբեմնի Պոլսեցի իր կապը միշտ հաստատ պահած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հետ։ Այս պատմական առիթով, Նորին Ամենապատուութիւնը, ԱՄՆ-ի Երեւմտեան Թեմի Առաջնոդ՝ Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեանի եւս հաւանութեամբ, քահանայական լանջախաչ շնորհեց Արմաշ Քահանային։

antranik badarak (12)

Քարոզէն վերջ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Արարողութեան աւարտին վերստին կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւատացեալներու բազմութիւնը ճեղքելով անցաւ անոնց մէջէն՝ բոլորին փոխանցելով իր օրհնութիւնը եւ առարկայ դառնալով անոնց որդիական համակրանքին։ Ելքի այս թափօրին ժամանակ Պատրիարք Հայրը մօտեցաւ գաւիթին մէջ տեղակայուած երգչախումբի անդամներուն եւ վարիչ Սեւան Ակօշեանի անձին մէջ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը։ Ամպհովանիի ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, որու մուտքի աստիճաններուն վրայ ան արձակման օրհնութիւնը փոխանցեց ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն։

  • antranik badarak (1)
  • antranik badarak (2)
  • antranik badarak (7)
  • antranik badarak (3)
  • antranik badarak (8)
  • antranik badarak (4)
  • antranik badarak (5)
  • antranik badarak (6)
  • antranik badarak (10)
  • antranik badarak (9)
  • antranik badarak (11)
  • antranik badarak (12)
  • antranik badarak (13)