ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՄՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Kategori: Միջկրօնական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժնի վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, 15 Մայիս 2013, Չորեքշաբթի առաւօտ, օդանային ճամբով կը մեկնի Ա.Մ.Ն., մասնակցելու համար «Լոս Անճելոս Անատօլուի Մշակոյթի եւ Ճաշի Փառատօն»ին։

Լրագրողներու եւ Գրողներու Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած փառատօնը, տեղի պիտի ունենայ, 16-19 Մայիսին։ Աւանդական դարձած փառատօնի համար, որու այս տարի չորրորդը պիտի կատարուի, լայնատարած շրջանի մը մէջ պատրաստուած են շատ մը պատմական կառոյցներու  մանրակերտները, որոնց շարքին է Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարը։

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս 23 Մայիս 2013, Հինգշաբթի պիտի վերադառնան քաղաքս։