Անատօլուի Մշակոյթի եւ Ճաշի Չորրորդ Փառատօնը տեղի ունեցաւ ԱՄՆի Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ 16-19 Մայիս 2013 թուականներուն։ Փառատօնին մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժնի վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Լրագրողներու եւ Գրողներու Հիմնարկի ուղեկցութեամբ հրաւիրեալներու խումբը 15 Մայիս Չոքեքշաբթի երեկոյեան ժամանեց Լոս Անճելոս:
Փառատօնին կը մասնակցէին նաեւ երեսփոխաններ, կուսակալներ, քաղաքապետներ, յայտնի լրագրողներ, արուեստագէտներ, կրօնաւորներ եւ այլ քաղաքական գործիչներ, որոնց ներկայութիւնը ցուցիչն էր ձեռնարկին ընծայուած կարեւորութեան: Ծանօթ դէմքերու կարգին էին Լաքի Վինկաս, լրագրող Մարգար Էսայան, դերասան Գէորգ Մալիքեան:
Այցելութեան առաջին օրը շրջապտոյտ մը կատարուեցաւ դէպի տեսարժան վայրեր։
ԱՆԱՏՕԼՈՒԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՃԱՇԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Այս փառատօնը, որուն առաջինը իրականացած է 2010-ին, նպատակ ունի Ամերիկայի հանրութեան ծանօթացնել Թուրքիան՝ իր անցեալով եւ այժմու մշակութային ճոխութեամբ: Այս առումով, ընդարձակ դաշտի մը մէջ կառուցուած էին՝ Թոփքափուի Պալատան, Գոնիայի Մեվլանայի Դամբարանի համալիրին, Ասփենտոսի Թատրոնի, Կազիանդէպի պատմական Զէուկմա քաղաքի, Մարտինի քարաշէն տուներու, Եփեսոսի աւերակները եւ Ս. Մարիամի ուխտատեղիին, Տրապիզոնի Սումելա Վանքի
մանրակերտները։ Վանի յուշարձաններու կարգին կառուցուած էր Ախթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մանրակերտը՝ երկու հինգերորդ համեմատութեամբ: Թուրքիայէն ժամանած արուեստագէտներ եւ արհեստաւորներ կը ցուցադրէին իրենց վարպետութիւնները եւ բացատրութիւններ կու տային հետաքրքրուողներուն: Շարուած կրպակներէն կարելի էր գնել յուշանուէրներ եւ ամէն տեսակ աւանդական համեղ ճաշեր, շուրջ՝ հարիւր տեսակ: Ամերիկահայեր եւս մասնակցութիւն բերած էին իրենց կրպակներով, ուր այցելուներուն կը հրամցնէին հայկական ճաշեր: Փառատօնը կը գունաւորէր սարքուած համերգներով, ներկայացուած ժողովրդական պարերով, Մէվլէվիներու աւանդական պաշտամունքով եւ Մեհթերական տողանցքով: Շրջակայ դպրոցներէն եկած էին հազարաւոր աշակերտներ, որոնց համար հետաքրքրական էր տեսնել մանուկներու յատուկ պատրաստութիւնները, մանաւանդ Նասրետտին Հոճայի, Քելօղլանի, Հաճիվաթն ու Քարակէօզի թատրոններու ներկայացումները։Փառատոնի դաշտի մուտքին սարքուած էր «Քաղաքակրթութիւններու Ճանապարհ»ը, որուն ընթացքին շարուած էին Լիտիայի Թագաւորութենէն սկսեալ բոլոր յայտնի մեծ քաղաքակրթութիւնները՝ Խեթական, Ուրարտական, Պարսկական, Հռովմէական, Բիւզանդական, Սելջուկեան եւ Օսմանեան։ Ճանապարհը իր աւարտին կը հասնէր Հանրապետական Թուրքիան ներկայացնող բաժինով: Իւրաքանչիւր կայանին, խնդումերես անձեր, զգեստաւորուած տուեալ դարուն պատշաճ զգեստներով, կը դիմաւորէին այցելուները։
Արամ Արքեպս. եւ Սահակ Եպս., Ուրբաթ օր այցելեցին փառատօնի դաշտը եւ դիմաւորուեցան կազմակերպիչներու կողմէ: Փառատօնի ձեռնարկը իրականացած էր Ֆեթուլլահ Կիւլէն Շարժումի Ամերիկայի կազմակերպութիւններու միասնական աշխատանքով եւ առաջնորդութեամբ Փասիֆիկա Ինսթիթիւթի, որուն նախագահն էր Իպրահիմ Պարլաս:
Փառատօնի իրականացման համար, ծախսուած էր շուրջ երկուեւկէս միլիոն տոլար. աշխատած էին եօթանասուն վարձկան բանուորներ եւ աւելի քան չորս հարիւր կամաւորներ։
ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Թէեւ Փառատօնը սկսած էր Հինգշաբթի օր, սակայն աւելի բազմութիւն ապահովելու նպատակով պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 18 Մայիս Շաբաթ կէսօր բացօդեայ հրապարակի վրայ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ: Ներկաներու կարգին էին Գալիֆորնիոյ Կուսակալը, Ամերիկացի երեսփոխաններ, Թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։
Արամ Սրբազան եւս իր կարգին արտասանեց հակիրճ պատգամ մը ողջունելով ներկաները։ Ապա, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ըսելով. «Անատօլուն Ամերիկա փոխադրուած տեսնել, հպարտութիւն կ՚առթէ բոլոր Թրքահպատակներուն։ Մենք եւս որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հայ քաղաքացի կը բաժնենք նոյն ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը։Հայերը Անատօլուի մշակոյթին անբաժան մէկ մասնիկն են։ Առանց անոնց, կարելի չէ լրիւ գնահատել Անատօլուի մշակոյթներն ու իրենց պատմութիւնները։ Հայեր, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իրենց ստեղծարար մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքակրթութեան, թէ՛ Թուրքիոյ թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ այլ վայրերու մէջ: Փառատօնին ցուցադրուած հրաշալի կոթողները, յուշարձանները, ներկայացուած պարերը, երգերը եւ հրամցուած ճաշերը հիացում կ’արթնցնեն բոլոր ներկաներուն: Պէտք է խոստովանիլ թէ այդ բոլորը երկինքէն չեն իջած, այլ ստեղծուած են՝ բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ ազգերու կողմէ: Չի բաւեր միայն այդ կոթողները մեծարել ու յարգել։ Երբ կ՚անտեսուին ու կ՚արհամարհուին այդ արժէքներուն ծնունդ տուող հաւաքականութիւնները, կը նշանակէ թէ դէմ յանդիման ենք երկերես եւ կեղծաւոր կեցուածքի մը հետ։ Եկէ՛ք միասնաբար յարգենք այս կոթողները եւ զանոնց ստեղծող բոլոր արժէքները»:
Սրբազան հօր այս արտայայտութիւնը ողջունուեցաւ ներկաներու ծափահարութիւններով։
Վերջին օրը, Կիրակի, Սահակ Սրբազանը անգլերէնով բանախօսեց ներկայացնելով՝ Հայկական կեանքը արդի Թուրքիոյ մէջ: Սրբազանը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ արտայայտուեցաւ փոքրամասնութիւն ըլլալու զգացոմի դրական եւ ժխտական կողմերու մասին, իր խօսքը համեմելով կենդանի օրինակներով: Կէս ժամուան բանախօսութեան աւարտին ունկնդրողներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան ու ստացան պատասխաններ։
ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, ԱՄՆի իրենց կեցութեան առաջին իսկ մէկ օրէն արժանացան Ամերիկահայերու՝ յատկապէս Պոլսոհայերու ջերմ վերաբերմունքին:
Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի կարգադրութեամբ19 Մայիս 2013, Կիրակի առաւօտ, Սրբազան Հայրերը մասնակցեցան Լոս Անճելոսի Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Հոգեգալստեան տօնակատարութեան։
Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Սահակ Սրբազան։ Իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Աստուած Սուրբ Հոգին ուղարկելով մեծագոյն նուէրը տուաւ մարդկութեան։ Ան, Ինքզինքը տուաւ: Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած մարդը երբեք կատարեալ չի կրնար դառնալ մինչեւ որ իր էութիւնը Աստուծոյ կենդանի տաճարին չվերածուի եւ չլեցուի Սուրբ Հոգիով»:
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ
Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 20 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, հիւրասիրուեցան Պոլսոհայ Ոսկերիչներու սարքած ճաշասեղանով, որուն մասնակցեցան շուրջ քսան հոգի։
Նոյն երեկոյ, Պոլսահայ Միութեան նորակառոյց կեդրոնի շքեղ հանդիսասրահին մէջ ի պատիւ սրբազան հայրերու սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ թեմական առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան եւ նախկին առաջնորդ Բարձր. Տ. Վաչէ Արքեպս.Յովսեփեան։
Յովնան Սրբազան, իր բարի գալստեան խօսքին մէջ վեր առաւ Պոլսահայերուն կենցաղը, շեշտելով անոնց եկեղեցասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը։ Անդրադարձաւ Պոլսահայերու անժխտելի առաւելութիւններուն որոնցմով կը հարստանայ Ամերիկահայութիւնը։ Յովնան Սրբազան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Եկէ՛ք աղօթենք Թուրքիոյ Հայ Համայնքի անդամներուն համար, որպէսզի իրենց կորովը երբեք չհատնի եւ անոնք մնան իրենց պատնեշին վրայ։
Խօսք առաւ Միութեան ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար, ներկայացնելով Միութեան գործունէութեան նպատակը եւ տարուած աշխատանքները: Իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ Ամերիկաբնակ Պոլսահայերը ամէն հարցի շուրջ անվերապահօրէն կ՚աջակցէին Արամ Սրբազան Հօր եւ Պոլսահայերուն: Պոլսոհայ Միութեան վերջին երեսունութը տարիներէն իբր յիշատակ մնացած լուսանկարներու տողանցային ցուցադրութենէ յետոյ Արամ Սրբազան արտասանեց հուսկբանքը:
Սրբազան հայրը ըսաւ. «ինչպէս անցեալին այսօր եւս Պոլիսը Արեւմտահայութեան ամենակարեւոր կեդրոնն է. Իր եկեղեցիներով, երգչախումբերով, դպրոցներով, մամուլով, հիւանդանոցներով, սանուց միութիւններով, գրական եւ մշակութային կեանքով, իր ազգային անզուգական հսկայ ժառանգութեամբ տակաւին սփիւռքի հայութեան ամենէն աչքառու կեդրոնն է անկասկած: Ասիկա արդար հպարտութիւն կը պատճառէ բոլոր Պոլսոհայերուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք»:
Արամ Սրբազան իր խօսքերու աւարտին, արտայայտուեցաւ իր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Միակ տրամաբանական ճամբան աթոռակից պատրիարք մը ընտրելն էր: Սակայն այս տրամաբանական ճամբան խանգարուեցաւ կարգ մը ազգայիններու որդեգրած տարբեր մերձեցումով»:
Սրբազան հայրը բացատրութիւններ տուաւ նաեւ վերջին շրջաններուն արձանագրուած դրական կարեւոր գործերու մասին: Անդրադարձաւ Ախթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեղեցւոյ մէջ գոնէ տարին անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցանելու համար ընծայուած կարելիութեան, որ գլխաւոր փափաքն էր Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։ Յետագային տեղադրուած էր նաեւ տաճարի կաթողիկէի խաչը։ Նաեւ իրականացած էր Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հոյակապ եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութիւնը եւ համալիրի բարեզարդումը։ Նաեւ Հայաստանցի գաղթական մանուկներու համար արտօնութիւն շնորհուած էր ուսանելու մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ հիւր աշակերտի կարգավիճակով։ Նաեւ յայտնեց թէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան օրինական իրավիճակը ճանաչում գտած էր եւ մեր այս կրթական յարկը սկսած էր գործել որպէս համայնքային հաստատութիւն։ Ընդգծաց թէ այս բոլորը, իրականացած էին համայնքային վարիչներու եւ իրաւաբաններու միասնական աշխատանքով եւ կառավարութեան հետ մշակուած բարւոք յարաբերութեամբ»:
Սրբազան հօր այս խօսքերը մեծ գնահատանքի արժանացան եւ ներկաներու կողմէ յոտնկայս ծափահարուեցաւ:
Չորեքշաբթի կէսօրին առաջնորդ Յովնան Սրբազան, ի պատիւ Սրբազան Հայրերուն, սեղան սարքեց, ի մի հաւաքելով թեմի եկեղեցական դասը եւ ազգայինները: Մտերմիկ եւ ուրախ մթնոլորտի ներքեւ գնահատանքի խօսքեր փախանակուեցան։
ԱՄՆի այցելութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի Հինգշաբթի օր եւ Սրբազան Հայրերը 24 Մայիս, Ուրբաթ երեկոյեան, Պոլիս վերադարձած պիտի ըլլան: