ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 25 Փետրուար 2013, յետ միջօրէին օդանային ճամբով կը մեկնի Անգարա։

Նոյն գիշեր, Վարչապետ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ Գերմանիոյ Վարչապետ՝ Անկելինա Մէրքէլի ի պատիւ Վարչապետի պաշտօնական բնակարանին մէջ կը սարքուի ընդունելութիւն մը։ Մէրքէլ այս առթիւ հանդիպում պիտի ունենայ կրօնական համայքներու  ներկայացուցիչներուն հետ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս ընդունելութեան պիտի մասնակցի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։

Նորին Սրբազնութիւնը նոյն գիշեր պիտի վերադառնայ քաղաքս։