ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 24 Յուլիս 2014, ժամը 17.00-ին օդանային ճամբով կը մեկնի Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Իֆթարի ընթրիքին, որ կը սարքուի Եւրոմիութեան Նախարար՝ Մէվլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Սրբազան Հայրը, նոյն գիշեր ժամը 23.30-ին պիտի վերադառնայ քաղաքս։