ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

ankara davetՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 19 Օգոստոս 2014, ժամը 17.00-ին օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։

Նորին Սրբազնութիւնը ժամը 20.00-ին Չանքայա Ապարանքին մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ապտուլլահ Կիւլի սարքած հրաժեշտի ընդունելութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, այս առթիւ Վսեմաշուք Նախագահին յաջողութիւն մաղթեց իր յետագայի պաշտօններուն մէջ։

Սրբազան Հայրը, նոյն գիշեր վերադարձաւ քաղաքս։