ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱԳԸՖԳԻՒՂ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ընկերակցութեամբ, 14 Ապրիլ 2014, Աւագ Երկուշաբթի, Քեսապահայոց ներկայ կացութիւնը քննելու համար կը մեկնի Վագըֆգիւղ։ Նորին Սրբազնութիւնը Ստանպուլ պիտի վերադառնայ Աւագ Երեքշաբթի երեկոյեան։