ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

wccՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 30 Հոկտեմբեր–8 Նոյեմբեր թուականներուն, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ։

Նորին Սրբազնութիւնը 24 Հոկտեմբեր 2013 Հինգշաբթի, օդային ճամբով պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ 28 Հոկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի, պիտի միանայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շքախումբին եւ պիտի մեկնի Հարաւային Քորէա։ Այստեղ պիտի մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժողովին, որմէ յետոյ Նորին Սրբութեան շքախումբով պիտի երթայ Չինաստան։

Նորին Սրբազնութիւնը, 14 Նոյեմբեր 2013, Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։