ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՏՐԱՊԻԶՈՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

sumelaՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 14 Օգոստոս 2013, երեկոյեան օդային ճամբով մեկնեցաւ Տրապիզոն։

Յոյն Եկեղեցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը կը կատարէ 15 Օգոստոսին։ Ինչպէս ծանօթ է, երեք տարիէ ի վեր, այս տօնին Ս. Պատարագ կը մատուցուի, ՍիւմԷլայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ եւս,  նախագահութեամբ՝ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի։ Նորին Սրբութիւնը, այս տարի հրաւիրած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, մասնակցելու Սիւմէլայի մէջ կատարելի արարողութեանց։ Սրբազան Հայրը 15 Օգոստոս 2013, Հինգշաբթի օրուան արարողութիւններուն մասնակցելէ յետոյ, Ուրբաթ օր պիտի անցնի Վաքըֆգիւղ։ Այստեղ պիտի հանդիսապետէ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն կատարելի կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց։

Նորին Սրբազնութիւնը, պիտի վերադառնայ Կիրակի ուշ երեկոյեան։