ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԹԵՀՐԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Բարձր. Տ. Սեպուհ Արքեպս. Սարգիսեանի հրաւէրին ընդառաջելով, 17 Նոյեմբեր 2014, Երկուշաբթի, օդային ճամբով  կը մեկնի Թեհրան։

Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Թեհրանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեանց։ Սրբազան Հայրը, այս առթիւ Ս. Աստուածածնի Տաճար Ընծայման Տօնին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ ու աւուր պատշաճի պիտի քարոզէ։

Նորին Սրբազնութիւնը, 22 Նոյեմբեր 2014, Շաբաթ պիտի վերադառնայ քաղաքս։