ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿՐԷՏԷ ԿՂԶԻ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 30 Օգոստոս 2013, Ուրբաթ պիտի մեկնի Կրէտէ Կղզի, հովուական այցելութիւն տալու Իրաքլիոն Քաղաքի մերազն ժողովուրդին ու պիտի հանդիսապետէ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ կատարելի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութեան։

Շաբաթ օր, Կրէտէ պիտի մեկնի նաեւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Շաբաթ օր, տեղի պիտի ունենայ տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամներէն Սանդի  Աւետիսեանի զաւկին Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։

Սրբազան Հայրը եւ Հայր Սուրբը Երկուշաբթի օր պիտի վերադառնան Ստանպուլ։