ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՐԴՄԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 28 Օգոստոս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։

Նորին Սրբազնութիւնը, մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի երդման եւ պաշտօնի ստանձման արարողութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, այս առթիւ Վսեմաշուք Նախագահին յաջողութիւն մաղթեց իր նոր պաշտօնին մէջ։

Սրբազան Հայրը, նոյն օրը, ժամը 21.00-ին վերադարձաւ քաղաքս։