ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ինչպէս յայտնի է, այսօր՝ 9 Յուլիս 2018ին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Ռէճէպ Թայիփ Էրտօղանի երդման արարողութիւնը, որմէ ետք Ան պաշտօնապէս պիտի ձեռնարկէ իր պաշտօնին։

Իսկ ժամը 18.00-ին Պէշթէփէյի Ապարանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն։ Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւս հրաւիրուած է սոյն ընդունելութեան։

Նորին Սրբազնութիւնը Անգարա կը մեկնի այս առաւօտ եւ Աթոռ կը վերադառնայ վաղը՝ Երեքշաբթի առաւօտ։ Սրբազան Հօր կ’ուղեկցի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու՝ իր անձնական հրաւէրով։