ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Kategori: Կարճ լուրեր
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 14 Փետրոար Կիրակի, ժամը 21.30-ին մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին, որ պիտի կայանայ 16-20 Փետրուար թուականներուն միջեւ։ Նորին Սրբազնութիւնը քաղաքս կը վերադառնայ 23 Փետրուար Երեքշաբթի։