ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 27 Ապրիլ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Արքեպս. Մանուկեանի յատուկ հրաւէրով մեկնեցաւ Ս. Քաղաք Երուսաղէմ։ Սրբազան Հայրը, Նորին Ամենապատուութեան փափաքով, Ս. Զատկուայ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Ս. Գերեզմանի վրայ։

Փոխանորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանան Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նորին Սրբազնութիւնը, 3 Մայիս 2016, Երեքշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։