ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

moskova kiliseՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 15 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի, երեկոյեան օդային ճամբով  մեկնեցաւ Մոսկուա։

Նորին Սրբազնութիւնը, պիտի մասնակցի Մոսկուայի նորակառոյց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի նաւակատիքի եւ օծման արարողութեանց, որոնց պիտի նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Արարողութեանց պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեան , Հայ եւ քոյր եկեղեցեաց բարձրաստիճան հոգեւորականներ։

Նորին Սրբազնութիւնը, 18 Սեպտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի օր պիտի ընկերանայ Նորին Սրբութեան, որ պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ։ Այստեղ պիտի մասնակցի 24-27 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ կայանալի Եպիսկոպոսական Ժողովին։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը Ստանպուլ պիտի վերադառնայ 30 Սեպտեմբեր 2013, Երկուշաբթի օր։