ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ԿՈՂՔ ԿՈՂՔԻ» ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ԿՈՂՔ ԿՈՂՔԻ» ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ

 

Յոյն համայնքային Վաքըֆներու Զօրակցութեան Միութեան (ՌՈՒՄՎԱՏԷՐ) կազմակերպութեամբ 20 Փետրուար 2018, Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 19.00-ին Սարըյէրի Քաղաքապետութեան «Եաշար Քէմալ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յայտագիր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն յայտագրին, որ կը կոչուէր «Կողք կողքի»։

Յայտագիրը կը ներկայանար իբրեւ Եւրոմիութեան Ծրագիր մը, որուն իրենց ներդրումը կը բերէին Սարըյէրի Քաղաքապետութիւնն ու Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։

GOGHK GOGHKI

Սոյն առթիւ պատրաստուած էր նաեւ «Կողք կողքի» անունով վաւերագրային ֆիլմ մը։ Նկարահանումները եղած էին այն քաղաքներու եւ թաղամասերու մէջ, որոնք եղած էին փոքրամասնութեանց երբեմնի եւ այժմու բնակավայրեր։ Մասնակիցներ համախմբուած էին սեղաններու շուրջ ու կ’արտայայտուէին իրենց անցեալի ու այժմու դրացնութեան յարաբերութեանց, իրենց ունեցած նեղութիւններուն ու յիշատակներուն մասին։

Նման վայրերէն էր նաեւ Վագըֆգիւղը, ուր գիւղի մերազն ժողովուրդը կ’արտայայտուէր գիւղին անցեալին ու ներկային, նաեւ իրենց դրացիներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին։

Ապա, Փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս մանրամասնեց ծրագիրն ու նպատակը։ Հուսկ, արտայատուեցաւ Սարըյէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչ, որ շեշտեց «Կողք կողքի» ըլլալու հրամայականը։

Յաւարտ յայտագրին տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը։