ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Նորին Վսեմութիւն

Ռէճէփ Թայյիփ Էրտողան

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ

Անգարա

 

 

Վսեմաշուք Տիար Նախագահ՝

 

Այսօր կատարուած ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան արշաւին մէջ Թուրքիոյ հասած նոր հանգրուանին սկիզբն է։ Մեր հայրենակիցներու ցուցաբերած անխախտ վստահութեան եւ սիրոյ որպէս արդիւնք, Ձերդ Վսեմութիւնը այս հանգրուանին անվիճելի առաջնորդի եւ հերոսի դիրքին վրայ է։ Մեր երկրի ժողովրդավարութիւնը նոր դարասկիզբներ առաջնորդող նախագահիդ սոյն պաշտօնի վերընտրութիւնը ուրախութեամբ կ՚ողջունենք եւ ի սրտէ կը շնորհաւորենք։

Կը մաղթենք, որ Հանրապետական Կառավարման Դրութիւնը, ուրկէ այսօրուան ընտրութեամբ լիապէս մուտք գործուած է մեր երկրին մէջ,  բարեբեր թող ըլլայ։

Կը յուսանք, որ Ձերդ Վսեմութեան նախագահութեամբ, այս նոր վարչակարգով մեր երկրի փոքրամասնութեանց հարցերը աւելի արագ լուծման պիտի հանգին։ ժողովրդավարութեան անձանագրած յառաջընթացը, Ձերդ Վսեմութեան հասցէին ազգային կամքի ցայտուն իրականացումը կ՚ընդունինք ժողովուրդի իւրաքանչիւր խաւի անդամին համահաւասար հայրենակցական իրաւանց որպէս առանց խտրութեան  ապահովութեան երաշխիքը։

Վսեմաշուք Տիար Նախագահ՝

Ընտրութեան սոյն յաղթանակին դիմաց, անգամ մը եւս սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեզ։ Գիտցէք, որ մեր հոգեւորականաց եւ համայնքի աղօթքները Ձեզ հետ են։

Տէրը օգնական թող ըլլայ։

 

Արամ Արք. Աթէշեան

Թուրքիոյ Հայոց

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ