ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 7 Օգոստոս 2018, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի այցելեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Մէվլիւտ Ույսալը։

 

Սոյն պաշտօնական այցելութեան համար Քաղաքապետի ընտրութեան օրերէն ի վեր ժամադրութիւն կը սպասուէր արդէն։ Այս փափկավարական  այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Աթոռի եւ համայնքի շնորհաւորութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել։

MEVLUT UYSAL 2

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը տեղեկութիւններ փոխանցեց համայնքին մասին։ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Մէվլիւտ Ույսալ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։

 

Այս առթիւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը յախճապակիէ ծաղկաման մը նուիրեց Քաղաքապետին, որ իր կարգին փոխադարձեց։

MEVLUT UYSAL

Շուրջ քառասունըհինգ վայրկեան տեւող մտերմիկ զրոյցէն ետք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը մեկնեցաւ Քաղաքապետարանէն։