ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 31 Յուլիս 2018, Երեքշաբթի Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց Կրօնապետներուն ու Համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ միասնաբար ստորագրեց համատեղ յայտարարութիւն մը։

 

Յստակ է, թէ վերջերս կարգ մը շրջանակներ սկսած են պնդել, թէ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունի կրօնքի ազատութիւն եւ հաւատքի ազատութիւնը երկրին մէջ ճնշումի ենթակայ է։

 

Առ այդ, հակազդելու համար այս անհիմն պնդումին եւ յայտարարելու համար, թէ նպատակաւոր բնոյթ կը ներկայացնեն նման ամբաստանութիւններ, հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնուի հետեւեալ յայտարարութիւնը։

«Հակառակ որոշ շրջանակներու պնդումներուն, մենք՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներս, միաստուածեան տարբեր կրօնքներու հոգեւորական ու աշխարհական ներկայացուցիչներս մեր երկրին մէջ մեր հաւատքը ազատօրէն կրնանք ապրիլ, մեր պաշտամունքները ազատօրէն կրնանք կատարել։

Որեւէ արտայայտութիւն, որ կը պնդէ, թէ Թուրքիոյ մէջ կրօնական գետնի վրայ ճնշում գոյութիւն ունի եւ/կամ այս մէկը կը մատնանշէ, սխալ է եւ կ՚անդրանցնի իր նպատակը։

Հաւատալով, որ հանրային կարծիքը լուսաբանել մեր պատասխանատուութիւնն է, կը հրապարակենք եւ մեր ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք սոյն համատեղ լուսաբանութիւնը։»

deklarasyonSON