ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

kerakuyn hokevor khorhurtՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 25 Փետրուար 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։

Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 17 Փետրուար 2013, Կիրակի, մեկնած էր Մայր Աթոռ  Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։ Նիստերը տեղի ունեցան 19-21 Փետրուարին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, համաատենապետութեամբ Երուսաղէմէն՝ Գերշ. Տ. Արիս Արքեպս. Շիրվանեանի եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։