ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՏՕԼՄԱՊԱՂՉԷԻ ՄԷՋ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, 01 Օգոստոս 2018, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանէն մեկնեցաւ Տօլմապաղչէի Նախագահական Պաշտօնատեղի, ուր ժամը 14.00-ին խորհրդակցական հանդիպում մը կազմակերպուած էր Նախագահական Բանբեր Իպրահիմ Գալընի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

DOLMABAHCE 1

Ներկայ էին փոքրամասնութեանց Կրօնապետներն ու Փոքրամասնութեանց Համայնքային ներկայացուցիչներ։

 

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած մէկտեղման ընթացքին Իպրահիմ Գալըն շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ ցուցաբերուած զգայնութեան համար։ Ան ըսաւ, թէ անհիմն պնդումներուն մասին կատարուած համատեղ հերքումը ինքնին փաստն էր կրօնքի ազատութեան։

DOLMABAHCE 2

Ապա, մի առ մի արտայայտուեցան կրօնապետները եւ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան համայնքներու հետ առընչուած ինչ ինչ հարցեր։