ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։

Նորին Սրբազնութիւնը հանդիպում մը պիտի ունենայ Կենսոլորտային ու քաղաքաշինութեան նախարար Մէհմէտ Էօզհասէքիի հետ` նիւթ ունենալով Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ նորոգութեան հարցը։

Մանրամասնութիւններ պիտի տեղեկացուին յաջորդիւ։

 

Հանրութիւնը տեղեակ պահած էինք արդէն, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 15 Մայիս 2018, Երեքշաբթի առաւօտ մեկնած էր Անգարա։

 

Նորին Սրբազնութիւնը օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ ապահովութեան պաշտօնեաներուն կողմէ և պաշտօնական յատուկ ինքնաշարժով առաջնորդուեցաւ հիւրանոց, ուր միջոց մը հանգստացաւ։

ANK 1

Ապա Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ դէպի նախարարութիւն և ըստ նախապէս ապահովուուած ժամադրութեան ժամը 14.00-ին ընդունուեցաւ Կենսոլորտային ու քաղաքաշինութեան նախարար Մէհմէտ Էօզհասէքիի կողմէ։

ANK 2

Սիրալիր ընդունելութեան ընթացքին Կեսարացի արմատներ ունեցող յարգելի նախարարը փոխանցեց իր դրացնութեան յուշերը։

 

Հաճելի զրոյցի աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը պարզելով Իր այցելութեան նպատակը ըսաւ, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին կը գտնուէր ցաւալի վիճակի մէջ և յայտնի բախումներու պատճառաւ մեծապէս վնասուած էր շէնքը։  Սրբազան Հայրը յիշեցուց նաև, թէ արտասահման բնակող Հայերն ու Թրքահայ համայնքի անդամներ մեծ զոհողութեամբ յաջողցուցած էին նորոգութեան մեծածախս գործը։ Եկեղեցին, որ 30 տարուան ողորմելի և անյոյս վիճակէն դուրս գալով պաշտամունքի վերաբացուած էր 2011թուականին ցնծութիւն յառաջացուցած էր աշխարհացրիւ Հայ Ժողովուրդին մօտ։ Իսկ այսօր Եկեղեցին կը կարօտէր լուրջ ու ծախսալից նորոգութեան։

ANK 5

Յարգելի Նախարարը անմիջապէս քննարկելով Տիգրանակերտի Սուր շրջանի վերաշինութեան ծրագիրը անդրադարձաւ, թէ Կաթողիկէ ու Աւետարանական Եկեղեցիներ ներառնուած էին և Ս. Կիրակոս Եկեղեցին կը բացակայէր ցանկէն։ Խոստացաւ նորոգութեան ձեռնարկել և հրահանգեց, որ պատրաստուի ամհրաժեշտ փլանները։ Բարձր. Տ. Արամ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ արդէն ի ձեռին ունէր ու անմիջապէս կրնար փոխանցել նախապէս պատրաստուած փլանները։

 

Նախարար Էօզհասէքի ըսաւ, թէ Նորին Սրբազնութիւնը կրնար Համայնքին փոխանցել բարի լուրը, թէ Իր Նախարարութեան ձեռամբ պիտի կատարուէր Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։

 

Արամ Սրբազան Հայրը այս առթիւ Յարգելի Նախարարին նուիրեց յախճապակիէ ծաղկաման մը ու Նախարարն ալ` յախճապակիէ պնակ մը։

ANK 4

Ապա Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն ջերմ վերաբերմունքին ու սիրալիր ընդունելութեան համար հրաժեշտ առաւ Նախարարէն։

 

Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը 16 Մայիս 2018, Չորեքշաբթի յետ միջօրէին օդային ճամբով կը վերադառնայ Աթոռ։