ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

yeni yil arm

«Երկինք եւ երկիր անցցեն եւ
բանք իմ ոչ անցանիցեն» (Մտթ. 24.35)

Տարի մը եւս կ՚երթայ միանալ իր նախորդներուն, ըստ նախընթացի՝ տեղ պատրաստելով իր յաջորդին։ Հին տարին իր դրական եւ ժխտական դէպքերով այլեւս սեպհականութիւնն է պատմութեան, որ կերտուած է նախանցեալ տարիներու կուտակումովը։ Պատմութիւնը, իսկութեան մէջ յարաճուն բարձրաբերձ ծառ մըն է, որուն վրայ կախուած են իրարու հակադիր երեւոյթներ, իրենց դրական եւ ժխտական երեսակներով։  Այդ երեւոյթներէն որեւէ մէկը կամ աւելին կերպով մը ազդած է մարդուն առօրեայ կեանքին եւ իրենցմէ հաւանաբար ոմանք պիտի շարունակեն ազդել նաեւ ապագային, միշտ աննկատ թողլով ազգի, ցեղի եւ կրօնքի տարբերութիւնները։

Երբ կը պատրաստուինք դիմաւորել Ամանորը, Ս. Աւետարանէն բղխած պատգամը կու գայ բոլորս հաստատել Տիրոջ Խօսքին յաւիտենականութեան ճշմարտութեան վրայ. «երկինք եւ երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտթ. 24.35)։

Հակառակ անոր, որ ժամանակի սահմանները չեն կրնար պարփակել զԱստուած, որ անսկիզբ է եւ անվախճան, մերկանալով Իր  փառքէն «մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մարիամայ Սրբոյ Կուսէն Հոգւովն Սրբով» եւ մտաւ ժամանակի սահմաններէն ներս Հօր Աստուծոյ կամքով, լիազօրուած՝ մարդը փրկելու առաքելութեամբ։ Եկեղեցին Սուրբ Գիրքին հետեւելով կը դաւանի, թէ «Քրիստոս նոյնն է՝ երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր. 13.8)։ Մեր յաւիտենական Քահանայապետն է Քրիստոս, որ իր քարոզութեամբ մեղաւոր մարդուն ցոյց տուաւ փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքին հասնելու ճանապարհը։ Քրիստոսի յաւիտենական խօսքը ընկալելու եւ զայն պտղաբերելու միջոցը հիմնաւորուած է աստուածսիրութեան եւ մարդասիրութեան գաղափարներուն վրայ։

Քրիստոսի խօսքին յաւիտենականութիւնը, Իր փրկագործ տնօրինութեան առհաւատչեան է, ապահով լաստ մը, պարգեւուած՝ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի, որ կեանքի անբաղձալի երեւոյթներուն ի տես կամայ եւ ակամայ երբեմն տկարութեան մատնուելով կրնայ դէմ յանդիման մնացած ըլլալ կեանքի ծովին ալեկոծութեանց հետ։ Քրիստոս, «որուն հնազանդած էր ծովն ու հովը» (Մտթ. 8.27), կարող է խաղաղեցնել մեր փոթորկայոյզ կեանքի ալեկոծութիւնները, մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ մենք զմեզ առանձին կը զգանք։ Քրիստոնէական կեանքը, որ  ուխտագնացութիւն մըն է, համբերութիւն կը պարտադրէ։ Քրիստոս ըսաւ. «ով որ մինչեւ վերջը համբերէ ան պիտի փրկուի» (Մրկ. 13.13)։ Աստուած հաւատարիմ է Իր խոստումին եւ միշտ կը նախախնամէ Իր ստեղծածները։ Մենք ալ մեր կարգին պարտինք հաւատարիմ կեցուածք որդեգրել մեր Արարչին՝ Աստուծոյ նկատմամբ, կապուած մնալով Իրեն, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։

Քրիստոս՝ «Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յվհ. 14.6), Իր հետեւորդները կը քաջալերէ, զանոնք հրաւիրելով չարին դէմ տեւապէս մարտնչելու եւ աշխարհի իշխանին՝ սատանային յաղթելու։ Որովհետեւ Քրիստոս անժամանակ է եւ յաւիտեան, նաեւ իր Խօսքը՝ յաւիտենական, մեր ժամանակաւոր կեանքի ընթացքին մեզի համար փակուած է այն ճանապարհը, որ յուսալքման եւ յուսահատութեան կը տանի։ Ընդ մեզ է Աստուած։ Հետեւաբար ինչ որ ալ եղած ըլլայ մեր կեանքի պայմանները անցեալին, ներկան եւ ապագան առողջ հիմերու վրայ կերտելու համար պարտինք փարիլ Աստուծոյ Խօսքին։ Որքան ատեն որ ի կեանս ենք, Պօղոս Առաքեալի խոստովանութեան օրինակով, կը հրաւիրուինք «բարի պատերազմը պատերազմելու» (Բ. Տիմ. 4.7), որպէսզի «սիրելով Տիրոջ յայտնութիւնը ստանանք արդարութեան պսակը»։ Այդ պատերազմի մէջ բոլորս կարիքն ունինք «Աստուծոյ սպառազինութեան, մեր մէջքերը գօտեպնդելու՝ ճշմարտութեամբ, հագնելու արդարութեան զրահները»։ Մեր հետ պէտք է առնենք «հաւատքին վահանը, որպէսզի կարենանք մարել չարին այրող նետերը»։ Պէտք է հագնինք «փրկութեան սաղաւարտն ու Հոգիին սուսերը՝ Աստուծոյ Խօսքը» (Եփս. 6.13-17)։

Արեւագալի Ժամերգութեան աղօթքի բառերը եւս ինքն իր մէջ կը խտացնէ Աստուծոյ յաւիտենականութեան գաղափարը։ Միասնաբար շարունակենք աղօթել, հետեւելով մեր առաքելաշաւիղ նախնեաց. «Աստուած մշտնջենաւոր, Աստուած յաւիտենական, որ մեր ստորին աշխարհին իբրեւ լոյս ծագեցար, եւ մեզ լուսաւորեցիր մեր խաւարային մեղքերէն։ Մեզի համար սահմանափակուիլ յանձն առիր, ով անսահման Աստուած, եւ Սուրբ Հոգիիդ շնորհները թափեցիր ու սփռեցիր արարածներուդ վրայ։ Այժմ եւ բոլոր ժամանակներուն կը բարեբանուիս, ամենամեծդ Աստուած, Հօր եւ Ամենասուրբ Հոգիիդ հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Ամանորին, երբ մեր բարի մաղթանքներըն ու խնդրանքները կը մատուցենք առ Աստուած, յիշենք նաեւ մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աղօթենք իրեն համար։

Հետեւելով Պօղոս Առաքեալին, աղօթենք, խնդրուածք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանենք առ Բարձրեալն Աստուած, մեր երկրի անխտիր բոլոր հայրենակիցներուն, մանաւանդ իշխանաւորներուն համար։ Աստուած բոլորիս պարգեւէ քաջառողջ եւ բարօր կեանք, հեռու ամէն տեսակի չար պատահարներէ։

Երբ կþապրինք Ամանորի ուրախութիւնը, պահ մը մտաբերենք նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ համայնքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւերը, տառապանքները, զրկանքները եւ սուգն ու լացը։ Քրիստոնէական մեր քաղցր լուծն է աղօթակցիլ իրենց եւ մեր սրտի խորերէն աղօթք առաքել առ Բարձրեալն Աստուած վասն խաղաղութեան։ Մեր Քրիստոնէական հաւատքի հրամայականով աղօթենք նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար եւս առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։ Աստուած, որ Իր արեւը կը ծագեցնէ արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ հաւասարապէս, իր զօրութեամբ շարժէ լճացած եւ նեխած կենցաղները ու գարշահոտութիւնները փոխակերպէ քաղցրաբոյր մթնոլորտի, բոլորին պարգեւելով սիրոյ, եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ բարօրութեան միջավայրի մը կենսաւետ օդը շնչելու կարելիութիւնը, զօրացած՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով։

Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կþողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք, լի՝ Աստուածային շնորհներով։

Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։

Արամ Արքեպս. Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ