ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 18 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 12.00-ին Հռոմ կը մեկնի մասնակցելու համար նորընտիր Պապի գահակալութեան հանդիսութեան։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ուղեկցի նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Նորընտիր Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետի գահակալութեան հանդիսութիւնը 19 Մարտ 2013, Երեքշաբթի առաւօտ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Նորին Սրբազնութիւնը յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի պիտի շնորհաւորէ Նորընտիր Պապը։

Պատրիրարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, պիտի վերադառնայ Չորեքշաբթի ուշ երեկոյեան։