ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ

Kategori: Միջեկեղեցական

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը,18 Մարտ 2013, Երկուշաբթի կէսօր, Ն.Ս.Տ.Տ.  Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ իր հետեւորդներուն հետ, ժամը 14.30-ին ճամբորդեցին դէպի Հռոմ, Յունաց Պատրիարքարանի բարերար՝ գործատէր Թէոդորոս Անկելոփուլոսի կողմէ տրամադրուած յատուկ օդանանով։

Մօտ 2 ժամուայ ճամբորդութենէ ետք, օդանաւը հասաւ Հռոմ։ Նորին Սրբութիւն Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը եւ Արամ Արքեպիսկոպոս իրենց հետաւորդներով դիմաւորուեցան Վատիկանի ներկայացուցիչներու կողմէ եւ առաջնորդուեցան Վատիկանի Ս. Մարթա Հիւրանոցը, որ տրամադրուած է հանդիսութեանց համար ժամանող պատուիրակութիւններու համար։

Երեկոյեան, Նորին Սրբազնութիւնը եւ Թաթուլ Հայր Սուրբը ընթրեցին հիւրանոցի մէջ, ու առիթը ունեցան զրուցելու յարանուանութեանց ներկայացուցիչներու հետ։ Ընթրիքէն յետոյ, Արամ Սրբազան, միանալով պատուիրակութեան մը, մեկնեցաւ դէպի օդակայան՝ դիմաւորելու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ Հռոմ պիտի ժամանէր մասնակցելու համար գահակալութեան հանդիսութեանց։

Ըստ Վատիկանի պատկան իշխանութեանց  կ՚ակնկալուի 1 միլիոն հաւատացեալներու ներկայութիւնը՝ 19 Մարտի գահակալութեան հանդիսութեանց։

Ինչպէս ծանօթ է 19 Մարտ 2013, Երեքշաբթի, նորընտիր Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետը յատուկ հանդիսութամբ պիտի գահակալէ եւ պիտի մատուցանէ Իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Այս առթիւ, Հռոմ կը ժամանեն եկեղեցիներու գահակալներ, զանազան եկեղեցականներ ու պետական մակարդակի ներկայացուցիչներ։ Ըստ հաղորդուած  տեղեկութեանց, 19 Մարտ, Երեքշաբթի, ժամը 9.30-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս Հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ գահակալութեան արարողութիւնը եւ Սրբազան Քահանայապետը 20 Մարտ, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին պիտի ընդունի Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնները։