ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

Dzununt«Գնացէք, ստուգեցէք վասն մանկանն,
եւ յորժամ գտանիցէք, ազդ արասջիք ինձ,
զի եւ ես եկեալ երկիր պագից նմա»
(Մատթէոս, 2.8)

Աստուածայայտնութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդի տօնակատարութեան առթիւ, կը կարդանք Հերովդես Թագաւորին այս խօսքերը, արձանագրուած՝ Մատթէոս Աւետարանիչի կողմէ։ Ոմանց համար կրնայ անհասկնալի թուիլ, թէ ի՞նչ է իմաստը, Մարդացեալ Աստուածորդիին քարոզութեանց առընթեր, կարդալ նաեւ համակ կեղծիք բուրող այս խօսքերը։ Սուրբ Աւետարանները գրուած են Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին ներշնչմամբ, հետեւաբար ինքնին կը յայտնուի, թէ Աստուած կամեցած է հովիւներու, մոգերու առընթեր ցոյց տալ նաեւ մարդկութեան այս երեսակը եւս, որ Քրիստոսի ծնած օրերուն դուռ պիտի բանար մեծ ողբերգութեան մը։

Պարզ եւ անուս աղքատ հովիւներ, զարգացած եւ գիտնական հարուստ մոգեր կողք կողքի կը կենային Բեթղեհէմի մսուրին առջեւ։ Մանկացեալ Աստուածորդիին ներկայութեան կ՚արհամարհուէր դասակարգային ու մշակութային ահաւոր տարբերութիւնները եւ կը յայտնաբերուէր զիրենք ի մի համախմբող հասարակաց եզրը, որ էր իրենց անկեղծ ու անխառն հաւատքը։ Առաջինները՝ կու գային ժողովուրդին պարզ, նոյնիսկ երբեմն արհամարհուած ու անտեսուած խաւերէն։ Իրենց մախաղով եւ համեստ պաշարով Բեթղեհէմի մերձաւոր դաշտագետիններու վրայ ոչխարներ կ՚արածէին, նաեւ գիշերուան անստոյգ խաւարին մէջ զանոնք կը պահպանէին վայրի անասուններու յարձակումներէն։ Իսկ վերջինները՝ ընկերութեան ու իրենց անմիջական շրջանակին մէջ յարգանք վայելող անձեր, լուսաւոր աստղի մը երեւմամբ, ճամբայ ելած էին հեռաւոր երկիրներէն։ Անոնք ի ձեռին ունենալով թանկարժէք նուէրներ, հետեւած էին աստղին եւ Երուսաղէմէն անցնելով հասած՝ Բեթղեհէմ։

Խոնարհ մսուրին առջեւ հովիւներ ու մոգեր, իրենց միասնական ներկայութեամբ կ՚ապրէին հաւատքի զօրութեան, եւ հաստատակամութեամբ Աստուծոյ վստահելու յաղթանակը։ Հերովդէս, իր պալատան շքեղութեանը մէջ աշխարհիկ վայելքներով յղփացած, իր անարգ վարքով կը մատնուէր գետնաքարշ վիճակի, եւ դաւեր կը նիւթէր՝ Աստուածորդին ոչնչացնելու իր թիւր մտադրութեամբ։ Այդ հոգեվիճակով կը դառնար արիւնարբու ոճրագործ մը եւ կը հրահանգէր կոտորել, Բեթղեհէմի երկու տարեկանէն վար մանուկները։

Դարեր շարունակ մարդիկ եկան ու կեցան Քրիստոսի ներկայութեան։ Ոմանք գտան իրենց փնտռածը եւ խաղաղութեամբ մեկնեցան վերանորոգուած, նոր արարած դարձած, ուխտելով միանգամայն հաւատարիմ մնալ Անոր ուսուցումներուն եւ կեանքի վերածել՝ զանոնք։ Իսկ ոմանք եկան ու կեղծ երկրպագութեան ձեւակերպութեամբ, Մանկացեալ Աստուածորդիին մասին ստուգումներ ընել փորձեցին եւ փնտռեցին՝ իրենց չափանիշներուն յարմարող Քրիստոս մը, որ չմիջամտէր իրենց կեանքին, արգելք չհանդիսանար իրենց սխալ ապրելակերպին։ Սակայն երբ յուսախաբութեան մատնուելով ձեռնունայն վերադարձան, այս անգամ սկսան Քրիստոսի Ս. Աւետարանը դատափետել, Քրիստոսի միջոցաւ փրկուողները ծաղր ու ծանակի ենթարկել, անտեսելով իրենց մատնուած անապաշխար վիճակը։ «Մէկ Քրիստոս կայ. երէկ եւ այսօր նոյն եւ յաւիտեան» (Եբրայեցւոց, 13.9)։ Ան, ուղիղ քանակն է, որով միայն կարելի կ՚ըլլայ ուղղել կեանքի ընթացքը։ Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ «Քրիստոսի դուռը եւ ճամբան նեղ ըլլալով հանդերձ, դէպի կեանք կ՚առաջնորդէ»։ Իսկ Քրիստոս կ՚ափսոսայ այն բազմաթիւ անձերուն վրայ, որոնք «կը նախընտրեն լայն դուռը եւ ընդարձակ ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի» (Մատթէոս, 7.13-14)։ Քրիստոսի Խօսքը, այն ուղիղ եւ առողջ կողմնացոյցն է, որով կարելի կ՚ըլլայ ճշդել կեանքի առողջ գնացքին ուղղութիւնը։

Յովհաննէս Աւետարանիչ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ո՞վ է Քրիստոս. «Ան էր ճշմարիտ լոյսը, որ աշխարհ պիտի գար, լուսաւորելու համար մարդկութիւնը։ Ան աշխարհի մէջ էր, եւ աշխարհ անով եղաւ, սակայն աշխարհը չճանչցաւ զայն։ Իրեններուն եկաւ, բայց իրենները չընդունեցին զայն։ Իսկ անոնք որ ընդունեցին զայն՝ իշխանութիւն տուաւ անոնց ըլլալու Աստուծոյ որդիներ, անոնց՝ որոնք կը հաւատան իր անունին» (1.9-13)։

Պօղոս Առաքեալ կը շեշտէ, թէ Աստուածամերժ կեանքի մօր՝ «Սատանային հնարքներուն դիմադրելու համար պէտք է հագնիլ Աստուծոյ սպառազինութիւնը» (Եփեսեցիս, 6.11)։ Չարին դիմադրելու մեր պայքարին մէջ, «պէտք է գօտեպնդուիլ ճշմարտութեամբ, հագնիլ՝ արդարութեան զրահները, առնել՝ հաւատքի վահանը՝ մարելու համար չարին այրող նետերը, առնել՝ փրկութեան սաղաւարտը եւ Հոգիին սուսերը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է» (Եփեսացիս, 6. 14-17)։

Հովիւներու եւ մոգերու հաւատքով խոնարհինք Բեթղեհէմի Սուրբ Մսուրին առջեւ, խոստովանելով թէ «շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եղան» (Յովհաննէս, 1.17)։

Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցիին որպէս հաւատքով, յոյսով ու սիրով լիացած անդամները, ողջագուրենք զիրար ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Երբ կ՚ապրինք Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական հրճուանքը ու մեր բարի մաղթանքներն ու խնդրանքները կը մատուցանենք առ Աստուած, կը յիշենք մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը եւ կ՚աղօթենք իրեն համար։

Կը շարունակենք աղօթել նաեւ Երուսաղէմի վախճանեալ Թորգոմ Բ. Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ։ Աստուած երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ իր հոգին։

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով օրհնութեամբ կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Սրբազան եղբայրները, Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Աթոռոյս Տնտեսական Յանձնախումբի անդամները, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած Զգեստներու եւ Իրեղէններու Վերարժեւորման Յանձնախումբի անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Տնօրէններն ու Հիմնադիրները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, մեր համայնքային հաստատութեանց ազնիւ բարերարները, Ստանպուլի, Անատօլուի եւ Կրետէ Կղզիի համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին ու որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը, եւ իր անձին մէջ Մայր Աթոռի ողջ Միաբանութիւնը եւ այս առթիւ կը հայցենք, որ Նորին Սրբութիւնը եւս շարունակէ աղօթել Նորին Ամենապատուութիւն Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Նոյն հոգեւոր ուրախութեամբ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան Միաբաններուն, Երուսաղէմի Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Արիս Ս. Արքեպիսկոպոսին ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններուն։

Եղբայրական ողջոյնով կը շնորհաւորենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները տօնական յուսալից աւետիսով.

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Հայրական սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Սիրով ի Քրիստոս,

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ