ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Kategori: Կրօնական

«Առ քեզ Տէր, Տէր, են աչք իմ, ի քեզ յուսացայ,
մի՛ հաներ զհոգի յինէն»
(Սաղմոսք, ՃԽ. 8)

Դարձեալ Ամանոր է։ Բոլորիս համար անգամ մը եւս կը բացուի նոր շրջան մը։ Երբ կը պատրաստուինք մեր նախաքայլերը առնել Ամանորի սեմէն ներս, ամէն բանէ առաջ գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց վայելել Իր բարիքները։ Աստուածապարգեւ մեր կեանքի օրերէն, տարի մը եւս թողուցինք մեր ետին։ Օրհնեալ է Տէր ի պարգեւս Իւր. Ամէն։

Աստուածային նախախնամութիւնը իւրաքանչիւրիս համար գծած է կեանքի ուղի մը, ուրկէ կ՚ընթանանք, միանգամայն ըլլալով անյեղլի ճշմարտութեան մը ականատեսները։ Այդ ճշմարտութիւնը ինքնին կը յայտնուի կեանքի մերթ հեզասահ, մերթ՝ տագնապալի ոչ-միօրինակ ընթացքին ընդմէջէն, երբ կ՚ապրինք ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, բարեբախտութիւնն ու դժբախտութիւնը, յաջողութիւնն ու անյաջողութիւնը, տառապանքն ու հանգիստը, ցաւն ու մխիթարութիւնը, որպէս անբաժան տարրերը կեանքին։ Հաւատացեալներ կեանքը կ՚ընկալեն որպէս խաչակրութիւն եւ այդ ընկալումով կեանքը իր ուրախ եւ տխուր երեսակներով, իրենց համար կը դառնայ դիւրատար։ Անոնք, նաեւ իւրաքանչիւր Ամանորին, միշտ յոյսով առլցուն, հաղորդ կը դառնան տարփողուած վերանորոգուելու հրամայականին, որ արդէն իսկ հիմնական սկզբունքն է Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին։

Տառապող, նեղութեանց մէջ տուայտող, զրկանքի մատնուած հաւատացեալներ իրենց հաւատքին պարգեւած արիութեամբ, կ՚ապաւինին Աստուծոյ ու սաղմոսերգու Դաւիթ Թագաւորին հետ քաջաբար կ՚երգեն ըսելով. «Աչքերս Քեզի յառած եմ Տէր. իմ Տէրս, յոյսս քու վրադ դրած եմ, զիս անպաշտպան մի՛ ձգեր»։ Սակայն միայն դժուարութիւններ ապրողնե՞րը կարիքն ունին այս աղօթքին։ Առանց պահ մը իսկ վարանելու կ՚ըսենք, թէ զրկանքի իմաստին անծանօթներ, մարդկային չափանիշներով իրենք զիրենք երջանիկ նկատողներ եւս պէտքը ունին այս ուղղութեամբ աղօթելու, որպէսզի կարենան իրենց անձերը հեռու պահել «անմիտ մեծատան» անձնապաշտ հոգեբանութենէն եւ կեանքը չընկալել՝ որպէս «կեր, արբ եւ ուրախ լեր»ի մտածողութեամբ։

Հայ Եկեղեցւոյ երեկոյեան ժամերգութիւնը կը սկսի աղօթաբարբառ շրթներէն արտաբերուած Սաղմոսաց Գրքի համարներով, որոնք ինքնին խոստովանանքն է մեր կեանքի աղքատութեան. «Ականջդ ինծի խոնարհեցուր, Տէր եւ պատասխան տուր ինծի, որովհետեւ աղքատ եմ ու չքաւոր» (Սաղմոսք 86-ՁԵ,1)։ Որքան քաղցր է զԱստուած օգնութեան կանչել. ոչ միայն նեղութեան այլ նաեւ բարօր կեանքի պայմաններուն մէջ։ Որովհետեւ մարդկային կարողութիւնները յաճախ անբաւարար կը մնան տրտմութիւնը ուրախութեան փոխակերպելու, նաեւ նոյն կարողութիւններով ձեռք բերուած բարօրութեան պայմաններուն մէջ երջանկութիւնը իր լիութեամբ վայելելու համար։ Կատարեալ երջանկութիւնը կարելի է վայելել Աստուծոյ ներկայութեամբ, որուն համար կարիքն ունինք «Իր ճամբան սորվելու, որպէսզի հաւատարիմ մնանք Իրեն եւ աներկմիտ սրտով կարենանք զԱյն պաշտել»  (Սաղմոսք 86-ՁԵ,11)։

Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յովհաննէս 14.6). նաեւ՝ «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ով որ իմ ետեւէս կու գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի կենաց լոյսը» (Յովհաննէս, 8.12)։ Ամանորի ուրախ մթնոլորտին մէջ պահ մը գոնէ, ձերբազատուելով երջանկաբեր վայելքներէն, դառնանք Աստուծոյ եւ որպէս իր աղախիններն ու ծառաները, եւ մանաւանդ Քրիստոսով Իր որդեգրութեան պատիւին արժանացածներ, հաւատքով, յոյսով ու սիրով առլցուն, դիմենք Իրեն ըսելով.  «Առ քեզ Տէր, Տէր, են աչք իմ, ի քեզ յուսացայ, մի՛ հաներ զհոգի յինէն»։ Գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ, «Ան է Արարիչը երկինքի եւ երկրի ու գործած՝ մեծ հրաշքներ. Ան բարի է եւ Անոր ողորմութիւնը եւ սէրը՝ յաւերժական» (Սաղմոսք, 136-ՃԼԵ)։ Մեր հոգեւոր աղքատութիւնը հարստացնենք առ Աստուած դիմելով ու ներծծելով Աստուածապարգեւ շնորհքի աւիշը կեանքի։

Աղօթենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարհի։ Թող դադարին խռովութիւնները, որոնք պտուղներն են քարացած սրտերու։ Թող Ամենաբարին Աստուած «հանէ այդ քարացած սրտերը եւ անոնց փոխարէն տեղադրէ մարմնեղէն սրտեր» (Եզեկիէլ, 36.26)։ Այդ սրտերը լիանան Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով եւ ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան մէջ յայտնուի համամարդկային սէրն ու փոխադարձ յարգանքի տրամադրութիւնը։

Ամանորին, երբ մեր բարի մաղթանքներն ու խնդրանքները կը մատուցենք առ Աստուած, յիշենք նաեւ մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աղօթենք իրեն համար։

Ամանորի մեր ուրախութեան բաժնեկից ընենք նաեւ Սուրիահայ համայնքի մեր եղբայրներն ու քոյրերը, նախ զանոնք յիշելով, ապա՝ Պատրիարքական Աթոռի ըրած օժանդակութեան կոչին ընդառաջելով։ Աղօթենք, որ անոնք հաւատքով, յոյսով ու սիրով զօրացած կարենան շարունակել իրենց առօրեայ կեանքը, խաղաղ եւ բարօր կեանքի պայմաններու ներքեւ։

Ամանորի առթիւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր համայնքի հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր անդամները անխտիր, բոլորին մաղթելով քաջառողջ կեանք, լի՝ Աստուածային շնորհներով։

Աստուծոյ շնորհքը, սէրը եւ Աստուածային սրբարար զօրութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ. Ամէն։

Արամ Արքեպս. Աթէշեան
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

31 Դեկտեմբեր 2012