ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

nete gedikapasaՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 26 Դեկտեմբեր 2014, Ուրբաթ, ժամը 12.30-ին այցելեց Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ վերջին տարիներուն Հայաստանցի մանուկներ եւ պատանիներ, ամէնօրեայ դրութեամբ կը ստանան զանազան գիտելիքներ։ Նորին Սրբազնութիւնը, Հոկտեմբեր ամսուան մէջ առաջին անգամ այցելած էր սոյն աշխատութեանց, իսկ այս անգամ՝ մասնակցեցաւ մանուկներու Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հանդիսութեան։

Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ, աշխատութեանց պատասխանատու՝ Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։ Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց նոյնինքն Տկն. Հերիքնազ եւ բարի գալուստ մաղթեց հանդիսութեան մասնակիցներուն։ Յայտնեց թէ դասական հանդիսութենէ մը աւելի, այս տարի պատրաստուած էր թատրերգութիւն մը։ Նպատակն էր մերթ պարելով, մերթ զուարճանալով խաղ մը ներկայացնել ու անդրադառնալ Քրիստոնէական կարեւորագոյն դէպքերէն միոյն՝ Ս. Ծնունդին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Արքեպս.ի, ինչպէս նաեւ մանուկներու ծնողներուն, որոնք եկած ու պատուած էին մանկանց հանդիսութիւնը։

resim 2Ապա մանուկներ բեմ բարձրացան ու ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիրը։ Թատրերգութեան նիւթն էր խաղալիկներու խօսակցութիւնը, որուն ընդմէջէն կը դիտուէր «Յիսուս Մանուկի Ծնունդ»ն ու «Հրեշտակներ»ը։

gedikpasa (1)resimՀանդիսութեան հուսկ բանքը կատարեց Արամ Արքեպս.ը։ Սրբազան Հայրը պահ մը յիշեց իր մանկութիւնը եւ ըսաւ. «Ես դժբախտաբար մանկութիւնս վայելելու եւ խաղալիկներով խաղալու առիթը չէի ունեցած. ո՛չ Տիգրանակերտի. ո՛չ Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքին մէջ։ Երբ կը տեսնեմ ձեզի նման մանուկներ կը վերյիշեմ անցեալը եւ բարի նախանձ մը ծնունդ կ՚առնէ մէջս։ Սակայն ուրախութիւնը կ՚ունենամ որ առնուազն այս մանուկները խաղալիկներով խաղալու եւ մասամբ իրենց մանկութիւնը վայելելու առիթը կը գտնեն։ Աստուած միշտ ամուր պահէ իրենց այս երջանկութիւնը։ Այսօր վստահ եմ թէ մեզմէ շատեր կ՚ըսեն. «Երանի՜ այսօր մենք ալ այսպէս մանուկ մնայինք։»։ Որովհետեւ ձեր մանկական մաքրութիւնն ու անկեղծ ուրախութիւնն է որ կը փայլի։

Այս տարի երկրորդ անգամն է որ ջերմեռանդութեամբ կը տօնեմ ամանորը։ Առաջինը եղաւ երբ երէկ մասնակցեցայ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Ամանորի խրախճանքին։ Այդտեղ առիթը ունեցայ տարեցներու եւ պատսպարեալներու մասնակցութեամբ ողջունել նոր տարին։ Իսկ այսօր ձեզի հետ կրկին կ՚ունենամ նոյն ապրումները։ Կը շնորհաւորեմ այս հանդիսութեան կազմակերպիչները եւ ձեր ծնողները»։

gedikpasa (3)Իր խօսքէն յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը մանուկներուն բաժնեց, ամանորի առթիւ պատրաստուած նուէրները։  Ապա, հիւրընկալուեցաւ ճաշասեղանով, որուն մասնակցեցան նաեւ մանուկներ, ծնողներ եւ հսկիչներ։ Այստեղ տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ կատարուած աշխատանքներու մասին։ Հաճելի մթնոլորտի մէջ եղած մէկտեղումէ յետոյ, Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առաւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն։