ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ

Kategori: Կրօնական

«Անբաւելին երկնի եւ երկրի.
ի կուսական արգանդէ մեզ կեանք յայտնեցաւ,
Աստուած այցելու մարդկան»։
(Շարական Աստուածայայտնութեան Դ. աւուր)

Որքան քաղցր է Ամանորէն յետոյ տօնախմբել Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Իւրաքանչիւր Ամանորին, գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին իբրեւ տրիտուր Իր երկնապարգեւ շնորհներուն։ Յիրաւի երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է սա, բղխած հաւատաւոր սրտերէ։ Այս հաւատաւոր արտայայտութիւնները կու գան միանալ Հայ Եկեղեցւոյ հոգելից սրբազան շարականգիրին, որ  «Անբաւելին երկնի եւ երկրի. ի կուսական արգանդէ մեզ կեանք յայտնեցաւ, Աստուած այցելու մարդկան» բառերով կ՚ողջունէ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Աստուած  կարելի չէ սահմանափակել չափական արժէքներով։ Աստուած կը պարփակուի միայն անհունութեամբ, որ չափ եւ կշիռ չունի։ Անժամանակ, անսկիզբ եւ անվախճան Աստուծոյ գոյութեան համար եւս կարելի չէ ժամ եւ ժամանակ  որոշել։ Սակայն տիեզերքի պատմութեան մէջ անկրկնելիօրէն իրականացած խորհուրդի մը յայտնութեամբ էր, որ Աստուած իր լիութեամբը պարփակուեցաւ մարդկային մարմնի մէջ, զոր ստացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն։ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ Առաքեալը, սքանչելի աստուածաբանու¬թեամբ կը բնութագրէ Աստուծոյ Խօսքին մարմնացումը. «Սկիզբէն էր Բանը, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր։…ամէն բան անով եղաւ։…Կեանքը անով էր։ Եւ կեանքը լոյս էր մարդոց…։ Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ, եւ մենք տեսանք Անոր փառքը, որպէս շնորհով եւ ճշմարտութեամբ լի Միածնի փառք՝ ստացուած Հօրմէն» (Յովհաննէս, 1.2-4 եւ 14) ։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն, որպէս կեանք աշխարհի եւ այցելու՝ մարդոց։ Մարդիկ իրենց բարեկամներուն այցելութիւնները կþընդունին որոշ պատրաստութիւններ տեսնելէ յետոյ, առ ի պատուել զանոնք ըստ կարելւոյն։ Աստուած, որ յարմար ժամանակին Իր այցելութեամբը պիտի պատուէր աշխարհը, մարդկութիւնը պատրաստեց Իր իսկ մշակած ծրագրին համաձայն։ Գերբնական եւ սքանչելի յայտնութեան օրուան պատրաստութիւնը պատմութեան մէջ եզակի է ու անկրկնելի՝ իր տեսակին մէջ։ Մարգարէներ, դարեր առաջ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած կանխագուշակեցին Փրկիչի մը գալուստը։ Այս կանխագուշակումներէն դարեր յետոյ, մարդիկ ի՞նչ աստիճանի կրցան թափանցել այդ սքանչելի այցելութեան իմաստին։ Ի՞նչ աստիճանի կրցան իւրացնել այս սքանչելի յայտնութեան արժէքը, որոնց մասին սերունդէ սերունդ դարեր շարունակ կարդացած էին ու սպասման մէջ՝ այդ ուղղութեամբ։ Աստուծոյ Սուրբ Գիրքը լաւագոյնս սերտած մարդիկ ինչո՞ւ արդեօք տակնուվրայ եղան «Նոր Արքայի» ծննդեամբ։ Խաղաղութեան քաղաքը՝ Երուսաղէմ, ինչո՞ւ դղրդեցաւ գլխաւորութեամբ Հրեաներու Եդովմայեցի Թագաւորին՝ Հերովդէսի։ Պարզապէս, «նոր թագաւորի ծննդավայր»ը գտնելու  համար եղած հարցումն էր (Մատթէոս 2.2) այդ անհանգստութեան պատճառը։ Անմիջապէս եւ առանց վարանումի մտաբերուած էր արքայական գահը։ Սակայն, Յուդայի աննշան մէկ գիւղին՝ Բեթղեհէմի մէջ  խանձարուրի փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած «Նոր Արքան» չէր այցելած աշխարհը, քաղաքական առումով գահեր տապալելու նպատակաւ, այլ՝ «բարձունքէն ծագելու որպէս արեգակ անոնց վրայ, որոնք նստած էին խաւարի եւ մահուան ստուերներուն մէջ եւ ոտքերը ուղղելու՝ դէպի խաղաղութեան ճանապարհները» (Ղուկաս, 1,78-79)։

Անցեալին Աստուած այցելած էր իր ընտրեալ ժողովուրդին, Եգիպտոսի գերութեան օրերուն մէջ (Ելից, 3.16)։ Այս անգամ ի լրումն ժամանակի ղրկեց Իր Միածին Որդին, որ ծնաւ  կնոջմէ (Գաղատացիս, 4.4) եւ այցելեց աշխարհը, որպէսզի «քարոզուէր Հօր Աստուծոյ գթութիւնը, քաղցրութիւնը, մեղաւոր անառակ որդիներ առաջնորդուէին դէպի հայրենի ժառանգութեան եւ արդարներու երանութեան մէջ» (Ս. Գրիգոր Նարեկացի)։

Սուրբ Աւետարանի ուսուցմամբ կը հրաւիրուինք «դուռը բաղխելու», այն վստահութեամբ «թէ պիտի բացուի ան» (Ղուկաս, 11.9-10)։ Շատեր,  նեղութեան օրերուն մէջ յաճախ դուռը կը բաղխեն, Փրկչին հովանին վայելելու համար։ Այդ ինքնին անուղղակի խոստովանութիւնն է մարդոց, թէ «առանց Քրիստոսի ոչինչ կրնան ընել» (Յովհաննէս, 15.6), մանաւանդ չեն կրնար համբերութեամբ եւ խաղաղութեամբ վարել իրենց առօրեայ կեանքերը։ Սակայն այդ դուռը բաղխելու քաջութիւնը ունենալու համար, արդեօք պէտք չէ՞ սրտերու դռները նախապէս բացուած ըլլալ, ընկալելու համար Փրկչին այցելութիւնը անհատական կեանքերէն ներս։ Երանի անոնց, որոնք իրենց սրտերու դռները բաց կը պահեն եւ պատրաստակամութեամբ կþընդունին Փրկչին այցելութիւնը, նման որթատունկի ճիւղերուն (Յովհաննէս, 15.5-6)։

Աստուած շնորհ ըրաւ, որ Իր Միածին Որդին այցելէ նաեւ մեր ժողովուրդին։ Մեր Փրկիչը, Սուրբ Աւետարանով հասաւ մեր պապերուն եւս, Իր երկու առաքեալներուն՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթողոմէոսի միջոցաւ։ Դժուար եղաւ Քրիստոսի իբրեւ Փրկիչ ընկալումը։ Դժուար եղաւ մեր պապերուն պատուաստուիլը Ճշմարիտ Որթատունկին վրայ։ Սակայն կամօքն Աստուծոյ մեր պապերը եղան հաւատաւոր եւ հաւատարիմ հիւրընկալները Փրկչին։ Այդ հիւրընկալումը, նոր հորիզոններ բացաւ մեր պապերուն առջեւ, եւ անոնք «Քրիստոսի լիութենէն շնորհք ստացան շնորհքի փոխարէն» (Յովհաննէս, 1.17)։ Իրենց առջեւ բացուած ճանապարհէն ընթացան, մերթ՝ դառնալով խաչակիցը Քրիստոսի, մերթ՝ անցնելով նեղ, անցուկ ու փշալից արահետներէ։ Անոնք ընթացան անտրտունջ եւ մեզի տուին հաւատարմութեան խօսուն օրինակը։ Անոնք համոզուած էին, թէ Բեթղեհէմէն ծագած Արդարութեան Արեգակը իրենց հետ էր։ Իսրայէլի ժողովուրդը երբ կը քալէր գիշերուան խաւարին մէջ, հրեղէն սիւնը ունէր իբրեւ առաջնորդ (Ելից, 13.21)։ Մեր հայրերը, որպէս առաջնորդ ունէին Արդարութեան Արեգակին՝ Քրիստոսի լոյսը, որուն կը հետեւէին լցեալ հաւատքով, յոյսով ու սիրով։ Անոնք կը հետեւէին Քրիստոսի հրաշալի այցելութեամբ դարձի եկած Պօղոս Առաքեալի թելադրանքներուն (Բ. Կորնթացիս, 6.1-10)։ Արդարեւ մեր պապերը «Աստուծոյ շնորհը ի զուր ընդունած չեղան» եւ ցոյց տուին, թէ «ամէն ինչ ունէին, մինչ ուրիշներ կը կարծէին թէ անոնք ոչինչ ունէին» (Բ. Կորնթացիս, 6.10)։ Մեր ժողովուրդը, Քրիստոսի այցելութեան պտուղները ճաշակած է համբերութեամբ։ Այդ պտուղները եղած են մերթ քաղցրահամ, մերթ դառնահամ ։ Դառնահամ պտղոյն ճաշակումին հանդուրժողները ի մտի ունեցած են անկասկած Սաղմոսաց Գրքի բառերը. «Ընդ երեկոյս հանգիցեն լալիք, առաւօտու եղիցի ուրախութիւն»։ Յիրաւի այդ հաւատքը ամօթով չէ թողած զիրենք եւ լացի ու արցունքի դադարումովը առաւօտը բացուած է ուրախութեամբ (Սաղմոսք, 30(29).6)։

Մեր ժողովուրդի սուրբերը, հաւատքի եւ Քրիստոսի սիրոյն իրենց երկրաւոր կեանքերը կնքած սուրբերը, ծանօթ եւ անծանօթ, յայտնի եւ անյայտնի նահատակները, ի Քրիստոս ննջած օրինակելի վարքի տէր մեր սիրելիները այսօր մեր բոլորէն կ՚ակնկալեն ամուր բարիլ Քրիստոսի հաւատքին. ամուր կառչիլ այն բոլոր Աստուածապարգեեւ շնորհներուն, որոնք իրենց խորարմատ կեանքը կը կենսաւորեն Քրիստոսի Եկեղեցւոյ հիմերէն ստացուած աւիշով։  Այսօր, բոլորս կը հրաւիրուինք տէր կանգնելու մեր սրբութիւններուն։ Մենք կը հրաւիրուինք երբեմն ակամայ, երբեմն ալ անգիտակցաբար մեր ձեռքերը առած եւ արժէքներ հատանող տապարները մէկդի թողելու։ Կը հրաւիրուինք տեսնելու մեր սրբութիւններու հրաշագործ զօրութիւնը։ Մեր Պատրիարքական Աթոռը եւ հոգեւորականաց դասը, մեր աղօթքի տուները եւ դպրաց դաս երգչախումբերը, մեր կրթական յարկերը եւ կրթական մշակները, մեր մշակութային, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւնները, միութիւնները, մեր ոսկեղնիկ լեզուն եւ մեր գրականութիւնը, մեր մամուլը բոլորիս համար սրբութիւններ են, որոնց վրայ պարտինք գուրգուրալ, պահել եւ զարգացնել ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցել։ Անոնց արժէքը երբ «Կոտրելէն Ետքը» կը գնահատենք, այն ատեն կը հասկնանք, թէ մեր կորսնցուցածները որքան թանկարժէք էին։ Աստուած հեռու պահէ մեր ժողովուրդը այդ փորձառութենէն։

Աստուածայայտնութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ հաւատացեալներ ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս կու գան միանալ մեզի, ցուցաբերելով աղօթքի զօրակցութիւն։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկիրներու բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Աստուածայայտնութեան տաղաւարը, առիթ մը ըլլայ վերանորոգուելու Աստուանծային Փառքի ծագման աւետիսով։ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն՝ տիրոջ Օծեալին, Յիսուսի Քրիստոսի խոնարհութեան օրինակի ընդգրկումով նուիրուինք ծառայութեան, իւրաքանչիւս իր դաշտին մէջ, միշտ ի մտի ունենալով Աստուծոյ փառքը, եկեղեղեցեաց պայծառութիւնը եւ մեր հոգեւոր շինութիւնն եւ մխիթարութիւնը։   Այս բարեմաղթանքներուն պտղաբերութեան յոյսով ողջունենք զիրար ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.

Նմա փառք, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։

Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կÿողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից Դասը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները,  Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական եւ մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կþողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Աստուածայայտնութ»ան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մ»ր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսայեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եո Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ.