ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Համայնքային

Gedikpasa ProtestanՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 9 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ վերջին տարիներուն Հայաստանցի մանուկներ եւ պատանիներ, ամէնօրեայ դրութեամբ կը ստանան զանազան գիտելիքներ։ Նորին Սրբազնութիւնը, աշխատութեանց հսկիչներու հրաւէրին ընդառաջելով փափաքած էր հայրական այցելութիւն մը շնորհել։

Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ, աշխատութեանց պատասխանատու՝ Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ մանկապարտէզ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Դալար Հօրօզօղլու։ Աշխատութեանց մասնակից ամէնափոքր աշակերտները ուրախութեամբ ողջունեցին Սրբազան Հօր ներկայութիւնը եւ միասնաբար երգեցին երգ մը։ Հետաքրքրական էր, երբ մանուկներէն մին, համարձակօրէն արտասանեց §Տէրունական Աղօթք¦ը։ Սրբազան հայրը, ապա ուղղուեցաւ միւս դասարանները։ Այստեղ, իրեն համար ուրախութիւն էր տեսնել նաեւ իր սաները։ Դասարաններու մէջ սոյն մէկտեղումը, խանդավառութիւն յառաջացուց բոլոր աշակերտներուն մօտ, որոնք իրենց դիմաց կը տեսնէին բարձրաստիճան հոգեւորական մը։ Արամ Արքեպիսկոպոս, աշակերտներէն ոմանց հարցումներ ուղղեց։

Այցելութեան ընթացքին, Հերիքնազ Աւագեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, ժամանակ տրամադրած էր սոյն այցելութեան համար։ Աշխատութեանց կը մասնակցէին մօտաւորապէս 150 աշակերտներ։ Ամէնօրեայ դրութեամբ աշակերտներուն կը փոխանցուէին զանազան գիտելիքներ։ Անոնք, երախտապարտ էին բոլոր անոնց, որոնք առիթը կը ստեղծէին սոյն աշխատանքի իրականացման։ Ներկայ մանուկներէն ոչ մէկը մեղաւոր էին այն առումով որ կրթութիւն կը ստանային նման պայմաններու տակ։ Ամէն ոք նպատակ ունէր մանուկները տգէտ չթողուլ։ Սրբազան Հօր, յայտնուեցաւ թէ աշխատութեանց զարգացման համար օժանդակութեան կարիքը ունէին։

gedikpasa protestan 2

Արամ Սրբազան առաջնորդուեցաւ ժողովարան, ուր բոլոր աշակերտները եւ իրենց ուսուցիչները հաւաքուած էին։ Սրբազան Հայրը այստեղ իր խօսքը ուղղեց մանուկներուն եւ ըսաւ. «Ճիշտ է թէ շատերդ հեռու էք ձեր ծննդավայրերէն, սակայն ուր որ ալ ըլլաք ներկայիս կարեւորագոյն նպատակն է ձեր կրթութիւնը։ Մենք ուրախ ենք որ դուք կը գտնուիք եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Ես յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր ուսուցիչներուն, որոնք կը զբաղին ձեզի հետ։ Անոնք կը սիրեն մանուկներուն սորուեցնել։ Յարգեցէ՛ք եւ սիրեցէ՛ք ձեր ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ձեր ծնողները։ Անոնք զոհողութիւն յանձն կ՚առնեն ձեզի համար։ Սակայն մի՛ մոռնաք ամէնէն կարեւորը։ Սիրեցէ՛ք զԱստուած եւ շնորհակալութիւն յայտնեցէ՛ք մեր Երկնաւոր Հօր»։

Աւելի յետոյ կիրարկուեցաւ կարճ յայտագիր մը։ Աշակերտներ բանաստեղծութիւններով եւ երաժշտութեամբ հանդէս եկան։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր տարուած աշխատանքները։

Մօտաւորապէս 1.30 ժամ տեւող այցելութեան աւարտին ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Արամ Սրբազան Հօր, որմէ յետոյ Նորին Սրբազնութիւնը հրաժեշտ առաւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն։