ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔԷՄԱԼ ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Kategori: Փաստաթուղթեր

DSC_7332Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ՃՀՓ Կուսակցութեան նախագահ՝ Քէմալ Քըլըչտարօղլուի հրաւէրով, 26 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, միջօրէին, մասնակցեցաւ Սաիտ Հալիմ Փաշա Ապարանքի մէջ սարքուած ճաշկերոյթին։ Սոյն ճաշկերոյթին նպատակն էր ճաշասեղանի շուրջ բոլորուիլ փոքրամասնութեանց կրօնապետներու հետ։

DSC_7342Ճաշկերոյթին ներկայ եղան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Րաբունապետը՝ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդը՝ Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդը՝ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ։ Հոգեւորականներու առընթեր ներկայ եղան նաեւ ՃՀՓ-ի նախագահի օգնականներ Մուրատ Էօզչէլիք եւ Սէզկին Թանրըքուլու, ՃՀՓի Ստանպուլի նահանգային շրջանի նախագահ Մուրատ Քարաեալչըն, Սարըեէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչ եւ ՃՀՓ-ի Ստանպուլի պատգամաւոր Թալին Էրկիւնէշ Ղազէր։

Քէմալ Քըլըճտարօղլու ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ուրախութիւնը յայտնեց թէ տարբեր կրօնքներու ներկայացուցիչներու հետ սեղանակից կ՚ըլլար։ Շուրջ երկու ժամուայ դռնփակ ընդունելութեան ընթացքին հոգեւոր պետեր իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։ Արտայայտեցին նաեւ փոքրամասնութեանց հետ առընչուած լուծման կարօտ հարցերու մասին։

Ընդունելութեան աւարտին Քէմալ Քըլըճտարօղլու, Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Մոր Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չէթին եւ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, պատասխանելով մամլոյ թղթակիցներու հարցումներուն, իրենց տպաւորութիւնները յայտնեցին։